ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի հետ։ Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ ազգային քոնկրէսի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցը տեւեց աւելի քան ժամ մը։ Քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ միջազգային հանրութեան՝ մասնաւորապէս ԱՄՆ-ի կողմէ իրականացուած եւ ակնկալուած մարդասիրական օգնութեան կարեւորութիւնը։ Որպէս հրատապ խնդիր դիտարկուեցան ռազմագերիներու անյապաղ վերադարձը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան, պատերազմի ժամանակ զոհուածներու ընտանիքներու, վիրաւորներու եւ հաշմանդամներու ընկերային կարիքներու դիմագրաւումը։

Տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան ԱՄՆ-ի դեսպանութեան քաղաքական ու տնտեսական բաժնի ղեկավարի տեղակալ Քիմպըրլի Զափֆէյ եւ Հայ ազգային քոնկրէսի փոխ-նախագահ Լեւոն Զուրաբեան։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021