ՀԱՄԱՏԵՂ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րու­սա­ղէմ։ Այս շրջագ­ծով ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Իս­րա­յէ­լի Նա­խա­գահ Ռէու­վէն Ռիվ­լի­նի կող­մէ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին Ռիվ­լին ող­ջու­նեց Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նը, կա­րե­ւո­րե­լով ա­նոր այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Ան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ այս այ­ցը պի­տի նպաս­տէ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդման։

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար՝ նախարար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ընդգ­ծեց, որ հայ եւ հրեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը շաղ­կա­պուած են հա­զա­րա­մեակ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րով, ինչ որ լաւ հիմք մը կը ստեղ­ծէ՝ միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ ամ­րապնդ­ման նպա­տա­կով։

Ռէու­վէն Ռիվ­լին եւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան կա­րե­ւո­րե­ցին քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան աշ­խու­ժա­ցու­մը, ինչ որ, ի­րենց հա­մոզ­մամբ, հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ ընդ­լայ­նե­լու Հա­յաս­տան-Իս­րա­յէլ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նաեւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս։

Տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին կող­մե­րը հա­մա­կար­ծիք գտնուե­ցան, թէ հայ եւ հրեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը հա­մա­տեղ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը կրեն՝ մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Ծանօթ է, որ Ռէուվէն Ռիվլին նոր կոչուած է այս պաշտօնին։ Նախագահական պաշտօնը ստանձնելէ վերջ ան միջազգային հանրու­թեան առջեւ անդրադարձած էր հայկական հարցին, այս ծիրէն ներս մասնաւոր ուշադ­րութեան առարկայ դարձած էր ՄԱԿ-ի ամ­պիո­նէն ունեցած ելոյթը։

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2015