ՆԻՒՐԸՆՊԵՐԿԻ ՄԷՋ ՄՐՑԱՆԱԿ

Աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէր շա­բա­թա­վեր­ջին ար­ժա­նա­ցաւ հեր­թա­կան մրցա­նա­կի մը։ Նիւ­րըն­պեր­կի մէջ այս տա­րի 22-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Թուր­քիա-Գեր­մա­նիա շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նը։ Այս առ­թիւ Ա­րա Կիւ­լէ­րին եւ գեր­մա­նա­ցի ա­րուես­տա­գէտ Եուր­կեն Եուր­կե­սին շնոր­հուե­ցան պա­տուոյ մրցա­նակ­ներ։

Փա­ռա­տօ­նի բաց­ման առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած կա­լա­յին ներ­կայ գտնուե­ցան Նիւ­րըն­պեր­կի քա­ղա­քա­պետ Ուլ­րիխ Մա­լի եւ Նիւ­րըն­պեր­կի մօտ Թուր­քիոյ ա­ւագ հիւ­պա­տոս Եա­վուզ Քիւլ։ Բա­ցու­մին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Ա­տիլ Քա­յա, որ ներ­կա­յա­ցուց այն կար­ճա­ժամ­կէտ ու եր­կա­րա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէն­նե­րը, ո­րոնք կը մաս­նակ­ցին այս տա­րուան մրցոյ­թին։ Կա­լա­յի ըն­թաց­քին շնոր­հուե­ցան պա­տուոյ մրցա­նակ­նե­րը։ Ա­րա Կիւ­լէ­րի մրցա­նա­կը յանձ­նեց քա­ղա­քա­պետ Մա­լի։ Իսկ Եուր­կեն Եուր­կես իր մրցա­նա­կը ստա­ցաւ ձե­ռամբ Իւլ­քէր Լի­վա­նե­լիի, որ կո­ղա­կի­ցին է յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ Զիւլ­ֆիւ Լի­վա­նե­լիի։

Որ­պէս պա­տուոյ հիւր՝ փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Զիւլ­ֆիւ Լի­վա­նե­լի, որ իր ե­լոյ­թին մէջ դրուա­տեց եր­կու ծա­նօթ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը։ «Ա­նոնք կը տես­նեն այն ինչ, զոր մենք չենք կրնար տես­նել», ը­սաւ Լի­վա­նե­լի։

Երբ Ա­րա Կիւ­լէր կը ստա­նար իր մրցա­նա­կը, ցու­ցադ­րուե­ցաւ կարճ ժա­պա­ւէն մը՝ իր լու­սան­կար­չու­թեան մա­սին։ Ա­ւե­լի վերջ ցու­ցադ­րուե­ցաւ նաեւ Ա­րա Կիւ­լէ­րի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան ձօ­նուած «Իս­թան­պու­լի աչ­քը» խո­րագ­րեալ փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը։

Պա­տուոյ մրցա­նա­կը ստա­նա­լու ժա­մա­նակ Ա­րա Կիւ­լէր իր ու­րոյն ո­ճով ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը եւ ը­սաւ. «Լու­սան­կա­րե­լը չի նշա­նա­կեր միայն լու­սան­կա­րել։ Գոր­ծին մէ­ջը բան մը կայ։ Ա­մէն ինչ պատ­ճառ մը ու­նի։ Աշ­խարհ ի զուր չի դառ­նար»։

Երկուշաբթի, Մարտ 6, 2017