ԸՍՏ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎԻ, ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԱՇԽՈՒԺԱՆԱՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՎԵՐՋ

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները պիտի աշխուժանան ընտրութիւններէն յետոյ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Մամետեարով Պաքուի մէջ յայտնեց, որ կողմերը որոշած են Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ քննարկումները շարունակել աւելի եռանդուն ձեւով։

«Երբ երկու պետութիւններուն մէջ ձեւաւորուին նոր կառավարութիւններ, մենք աշխոյժ ձեւով պիտի շարունակենք բանակցութիւնները», ըսաւ ան։

Վերջին շրջանին Պաքուի կողմէ յաճախ կը բարձրաձայնուին այս տուեալները, որոնք արձագանգ գտած են Երեւանէն։ Հայաստանի դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդած են, որ յստակ պայմանաւորուածութիւններ չկան այս ուղղութեամբ։

ԳԱԼԻՖՈՐՆԻԱՅԻ ՄԷՋ ՎԷՃ

Միւս կողմէ, 1988 թուականին Սումկայթի մէջ տեղի ունեցած դէպքերու 30-րդ տարելիցին առթիւ վերջին օրերուն նիստ մը տեղի ունեցաւ Գալիֆորնիայի ծերակոյտէն ներս։ Հաւաքոյթի ընթացքին ծերակուտական մը խօսեցաւ ցեղասպանութեան հարցին շուրջ եւ առաջարկեց խզել Թուրքիոյ հետ տնտեսական յարաբերութիւնները։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ատրպէյճանցի թուրքեր բողոքով հանդէս եկան այս կապակցութեամբ։ «Ձեր կողմէ պաշտպանուած Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ սպաննուեցանք։ Ամօթ է։ 1992-ին Խոճալուի մէջ սպաննուած 613 ատրպէյճանցիին համար ոեւէ մէկը չէ դատուած», ըսաւ անոնցմէ մին։

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018