ԺՈՐԺ ՔԵՓԵՆԵՔԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱՅԼԻՆ

Երեւանի եւ Լիոնի քաղաքապետութիւններուն միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեքեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ժորժ Քեփենեքեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Տարօն Մարգարեանի կողմէ։ Երեւանի քաղաքապետարանէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ փաստաթուղթի ստորագրման առթիւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Հանդիսութեան ընթացքին Տարօն Մարգարեան շեշտեց, որ Լիոնի քաղաքապետութեան հետ համագործակցութեան յուշագրի ստորագրումը կը զուգադիպի Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակի յոբելենական շրջանին։

Առանձնապէս կարեւորելով երկուստեք կապերու ա՛լ աւելի ամրապնդումն ու համագործակցութեան ընդլայնումը՝ Տարօն Մարգարեան նկատեց, որ անցեալ աւելի քան երկու տասնամեակները նշանաւորուած են հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացումով՝ թէ՛ ապակեդրոնացեալ համագործակցութիւնով եւ թէ տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ այլ բնագաւառներէն ներս կապերու սերտացումով։

Իր կարգին, Ժորժ Քեփենեքեանն ալ յայտնեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ մըն է կրկին անգամ գտնուիլ Երեւանի մէջ։ Արդարեւ, Երեւան իր մէջ ծնունդ կու տայ հպարտութեան եւ պատասխանատուութեան անբացատրելի զգացումներուն։ «Երեւան իսկապէս մեծ մշակոյթի մը կրողն է եւ բոլորիս համար մեծ հպարտութիւն է տօնել 2800-ամեայ պատմութեան տէր համայն հայութեան մայրաքաղաքի հիմնադրման տարեդարձը։ Ես կը վստահեցնեմ, թէ այդ օրը պիտի ըլլամ ձեր կողքին։ Իմ ամենամեծ փափաքն է, որ Երեւան եւ Լիոն քաղաքներուն միջեւ հաստատուած համագործակցութիւնը ծառայէ երկու քաղաքներու բնակիչներուն։ Այս հանգամանքը հաշուի առնելով իմ պատուիրակութեան կազմին մէջ Երեւան այցելած են զանազան ոլորտներու ներկայացուցիչներ, որոնք տեղւոյն վրայ կ՚ուսումնասիրեն դաշտը եւ համոզուած եմ, թէ համատեղ կը մշակենք յաւակնոտ ծրագրեր ու կը գտնենք զանազան ուղղութիւններով արդիւնաւէտ լուծումներ, որոնք օգտակար կ՚ըլլան երկու քաղաքներու զարգացման համար», ըսաւ Քեքենեքեան։

Ստորագրման արարողութենէն վերջ Տարօն Մարգարեան եւ Ժորժ Քեփենեքեան պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն։ Անոնք զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ արտայայտեցին այն համոզումը, թէ ստորագրուած յուշագրով ա՛լ աւելի կ՚ամրապնդուի երկու քաղաքներու ու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւնը եւ կողմերը պիտի կարենան կեանքի կոչել այն բոլոր ծրագրերը, որոնք նախանշուած են։

Պաշտօնական արարողութեան ընթացքին Տարօն Մարգարեան Ժորժ Քեփենեքեանը պարգեւատրեց Երեւանի քաղաքապետի ոսկէ մետայլով։

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018