ՄԻՒՍԼԻՄԻ ԴԷՄ ՅԱՄԱՌ ՔԱՅԼԵՐ

Թուրքիա յամառօրէն կը հետապնդէ ՓՔՔ-ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութեան նախկին համանախագահ Սալիհ Միւսլիմը, որ ներկայիս կը գտնուի Եւրոպայի մէջ։ Վերջերս ան Փրակի մէջ ձերբակալուած էր եւ Չեխիոյ դատական իշխանութիւններուն կողմէ ազատ արձակուած։ Աւելի վերջ Սալիհ Միւսլիմ այցելեց Գերմանիա եւ տեղական մամուլին մօտ լայն արձագանգ գտաւ, որ մասնակցած է ՓՔՔ-ի կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը եւ հանդէս եկած՝ ելոյթով մը։

NTV-ի հաղորդումներով, այս իրադարձութեան զուգահեռ Թուրքիա դիմում կատարեց Գերմանիոյ պատկան իշխանութիւններուն մօտ, որպէսզի Սալիհ Միւսլիմ առժամեայ ձերբակալուի եւ արտայանձնուի Թուրքիոյ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնած էր, որ Թուրքիա Սալիհ Միւսլիմը պիտի հետապնդէ՝ ո՛ւր որ ալ ըլլայ։

Միւս կողմէ, Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր չէզոքացուած է 2872 ահաբեկիչ։

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018