ԱՄՆ-Ի ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ՊԱՇՏՕՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Լին Թրէյսին, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, շնորհաւորելով դեսպանը նոր առաքելութեան կապակցութեամբ՝ Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ ԱՄՆ-ի հետ բարեկամութիւնն ու ընկերութիւնը՝ ընդհանուր արժէքներու, փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան հիման վրայ։ Նախագահը վըս-տահութիւն յայտնեց, թէ նորանշանակ դեսպանը կը ներդնէ իր հարուստ ու փորձառու գիտելիքները՝ երկու երկիրներու բազմաոլորտ համագործակցութեան առաւել զարգացման համար։

Հաւատարմագրի յանձնման արարողութեան յաջորդած զրոյցի ընթացքին կողմերը նշեցին, որ համատեղ ջանքերը պիտի շարունակեն՝ նպաստելու համար երկու երկիրներու յարաբերութիւններու պատկառելի ներուժի՝ հնարաւորինս արդիւնաւէտ օգտագործման։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան երկրի անվտանգութեան վերաբերեալ զանազան հարցերու շուրջ։

 

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2019