ՊՐԻՒՔՍԵԼԷՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր յառաջիկայ հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու ձեւաչափի շուրջ քննարկումներուն։ «Մեր շփումները կրած են անպաշտօն բնոյթ։ Ըստ էութեան, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման եղանակներու եւ նրբութիւններու մասին ընդհանրապէս չենք խօսած։ Յառաջիկայ մեր հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ, այդ թուին, բանակցային ձեւաչափի շուրջ քննարկումներուն։ Մենք կը կարծենք, որ անհրաժեշտ է հարցի կարգաւորման համար նախ եւ առաջ արդիւնաւէտ ձեւաչափ մը ստեղծել, ապահովել, նախ եւ առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնը», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Եւրոմիութեան ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան տեւողութեան ան հանդիպումներ ունեցաւ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէրի, ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան քաղաքականութեան գծով յանձնակատար Եոհաննէս Հանի հետ։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Տոնալտ Թուսք Պրիւքսելի հանդիպումէն վերջ յայտարարութիւններով հանդէս եկան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։ Պրիւքսելի տեսակցութենէն վերջ նոյնպէս համատեղ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեցին Փաշինեան, Եունքէր եւ Հան։ Այս յայտարարութիւններուն մէջ ըստ էութեան ընդ-գըծւեցաւ, որ Հայաստան ունի քաղաքական կամք խորացնելու համար Եւրոմիութեան հետ համագործակցութիւնը։ Եւրոպական կողմն ալ պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու համար աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներուն։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2019