ՍՊԱՐԱՊԵՏԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հայաստանի Ազգային հերոս, Արցախի հերոս, սպարապետ Վազգէն Սարգսեան երէկ ոգեկոչուեցաւ իր ծննդեան 60-ամեակին առթիւ։ Թէ՛ Երեւանի եւ թէ Ստեփանակերտի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան ի յիշատակ Վազգէն Սարգսեանի։

Երեւանի մէջ, «Եռաբլուր» նահատակաց պանթէոնի համալիրէն ներս Հայաստանի պետական աւագանին յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Վազգէն Սարգսեանի շիրմին, գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի։ Ներկայ էր նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ շրջապատուած էր բարձրաստիճան հոգեւորականներու կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ Վազգէն Սարգսեանի յաւիտենական նենջի հանգիստին համար։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան, Վեհափառ Հայրապետը եւ արարողութեան միւս մասնակիցները ծաղիկներ թողուցին Վազգէն Սարգսեանի շիրմին վրայ։

Իսկ երեկոյեան տօնական հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան 60-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական փառաշուք երեկոյթին ներկայ գտնուեցան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Վեհափառ Հայրապետը, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ հոծ բազմութիւն մը։ Այս առթիւ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ «Հայրենիքը չափազանց խոր ու պինդ նստած էր Վազգէնի մէջ։ Ամէն ինչ կը համադրուէր հայրենիքի շահուն հետ՝ անձնական կեանքէ սկսեալ մինչեւ պետական ամենաբարդ գործողութիւն», ըսաւ նախագահը եւ աւելցուց, որ Վազգէն Սարգսեան գիտէր իր խաչի զօրութիւնը եւ այդ մէկը միշտ ծառայեցուցած էր իր երկրին ու ժողովուրդին։

Հարկ է յիշեցնել, որ Վազգէն Սարգսեան զոհ գացած էր 27 հոկտեմբեր 1999 թուականին, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս պատահած ահաբեկչական սահմռկեցուցիչ յարձակման։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2019