ՔԵՆԹԸՐՊԸՐԻԻ ՄԷՋ ԽԱՉՔԱՐ

Անկլիքան եկեղեցւոյ կեդրոնէն ներս՝ Քենթըրպըրի քաղաքին մէջ զետեղուեցաւ առաջին հայկական խաչքարը, որու օծումը կատարուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Քենթըրպըրի քաղաքը կը համարուի Անգլիոյ հոգեւոր կեդրոնը եւ այս խաչքարը միեւնոյն ժամանակ Անգլիոյ տարածքէն ներս կանգնեցուած առաջին հայկական խաչքարն է։ Անգլիահայ համայնքի նախաձեռնութեամբ, երկրի գլխաւոր եկեղեցւոյ՝ Քրիստոսի տաճարի յարակից Յիշատակի այգիին մէջ տեղադրուած է այս խաչքարը, որու օծումը կատարուեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեանի ձեռամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, արարողութեան ներկայ գտնուեցան Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպին, Քենթըրպըրիի տեքան Ռապըրթ Ուիլս, Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, ինչպէս նաեւ անգլիահայ համայնքէն շուրջ 200 ներկայացուցիչներ։ Խաչքարը ձօնուած է հայոց Սուրբ Նահատակներու յիշատակին։

Օծման արարողութեան յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին Ռապըրթ Ուիլս հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ան կարեւորեց Անգլիոյ հոգեւոր կեդրոնէն, ինչպէս նաեւ երկրի տարածքէն ներս առաջին հայկական խաչքարի տեղադրումը՝ նկատելով, որ այդ մէկը կը հանդիսանայ խաղաղութեան, հաշտեցման եւ յոյսի խորհրդանշան։

Ելոյթ մըն ալ ունեցաւ դեսպան Արման Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ հայկական միջնադարեան մշակոյթի խորհրդանշան խաչքարը այսուհետեւ պիտի դառնայ Քենթըրպըրիի աւելի քան 1400-ամեայ հարուստ պատմութեան մասնիկը։

Հարկ է նշել, որ Քենթըրպըրիի մէջ տեղադրուած խաչքարը պատրաստուած է Ճոն Միրտընի եւ Վարդան Մոսկոֆեանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2019