«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՄԸ ԿՐՆԱՅ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԻԼ՝ ՋՐԱՅԻՆ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒԱՍՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ»

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ կրնայ համաձայնութիւն մը ստորագրուիլ՝ ծովերու իրաւասութեան սահմաններու վերաբերեալ։ Չավուշօղլու նախընթաց օր Անգարայի մէջ յայտնեց, որ Եգիպտոս Յունաստանի հետ փաստաթուղթ մը ստորագրած ժամանակ ալ յարգանք ցոյց տուած է Թուրքիոյ ծովային հարաւային՝ ՄԱԿ-ի մօտ արձանագրուած սահմաններուն նկատմամբ։ Սա նկատելի է համաձայնութեան մէջ։ Այժմ Եգիպտոս առանց Թուրքիոյ ծովային սահմանը խախտելու, իր սահմաններէն ներս որոնման աշխատանքներ յառաջ կը տանի։ Եգիպտական կողմը այդ բանը ընելու ժամանակ միշտ կը յարգէ Թուրքիոյ սահմանները։ Ըստ նախարարին՝ Թուրքիա այս երեւոյթը դրական կը համարէ։ Ան յիշեցուց, որ Թուրքիա եւ Եգիպտոս կը հանդիսանան այն երկու երկիրները, որոնք Արեւելեան Միջերկրականի պարագային ունին ամենաերկար ափերը։

Այս բոլորի լոյսին տակ Մեւլիւտ Չավուշօղլու չբացառեց, որ Թուրքիա ջրային տարածքներու իրաւասութեան սահմաններուն շուրջ բանակցութիւններ կրնայ վարել Եգիպտոսի հետ։ «Մեր միջեւ ալ համաձայնագիր մը կրնանք ստորագրել», ընդգծեց ան։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեսակապով հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները տեսակապով անդրադարձան Անգարա-Պերլին յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ արծարծեցին տարածքաշրջանային նիւթեր։ Այս ամբողջին մէջ նախագահ Էրտողան նշած է, որ Թուրքիա կը շարունակէ իր շինիչ դիրքորոշումը Միջերկրականի արեւելքի եւ Եգէականի վերաբերեալ խնդիրներուն շուրջ։ Տեսակապով զրոյցին ներկայ գտնուած է նաեւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Շաբաթ, Մարտ 6, 2021