ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Արցախի մէջ երէկ պատահեցաւ արիւնալի դէպք մը՝ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած յարձակման հետեւանքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ առաւօտ, ժամը 10.00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի բանակէն խումբ մը զինուորներ ներթափանցեցին Արցախի սահմաններէն ներս։ «Խայփալու» կոչուած տարածքէն ներս Ատրպէյճանի զինուորներու յարձակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան ծառայողներու շարքին երեք ոստիկան նահատակուեցաւ, մէկ հատն ալ վիրաւորուեցաւ։ Արդարեւ, դէպքի ընթացքին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու խումբը թիրախաւորեց այդ ոստիկաններու հերթափոխի ծառայողական ինքնաշարժը։ Արցախի ոստիկանութեան եւ Պաշտպանութեան բանակի զինուորներուն կողմէ փոխադարձ կրակ բացուեցաւ՝ մինչ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբն ալ ժամանեց դէպքի վայր։

Վերջին օրերուն Արցախէն արդէն յաճախ կը հասնէին Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման դէպքերու վերաբերեալ լուրեր։ Երէկուան արիւնալի դէպքը եկաւ վրայ հասնիլ։ Պաքուէն հաղորդուեցաւ, որ Ատրպէյճանի զինուորներէն ալ երկուքը նահատակուած է։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս դէպքին անմիջապէս արձագանգեց։ Նախարարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Ատրպէյճանի այս յարձակումը կը համարուի ահաբեկչութիւն մը։ Ընդգծուեցաւ նաեւ, որ դէպի Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք խումբի մը գործուղուիլը անհրաժեշտութիւն դարձած է։

Հայկական լրահոսին մէջ ուշագրաւ համարուած է նաեւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան արձագանգը։ Արդարեւ, նախարարութիւնը երէկուան թուականին վերաբերեալ տեղեկագրին մէջ չէ անդրադարձած Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Արցախի մէջ իրականացուած յարձակման՝ հակառակ անոր, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի զինուորները արդէն գտնուած են դէպքի վայրին վրայ։

Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար այսօր շփումներ կ՚ունենայ Պաքուի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Եւրոպացի դիւանագէտը երէկուան իրադարձութիւններուն լոյսին տակ ամփոփ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերուն վրայ։ Այսպէս, ան համոզուած է, թէ մահացու դէպքը կ՚ընդգծէ խաղաղութեան հասնելու համար բանակցութիւններու մէջ յառաջընթացի կարեւորութիւնը։

Երկուշաբթի, Մարտ 6, 2023