ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՆԻՒ ՏԵԼՀԻԻ ՄԷՋ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շաբաթավերջին Նիւ Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Միրզոյեան Նիւ Տելհիի մէջ մասնակցած էր «Ռաիսինա» երկխօսութեան համաժողովին, որ կազմակերպուեցաւ Հնդկաստանի տանտիրութեամբ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան եւ Սուպրահմանեամ Ճայշանքար շաբաթավերջի զրոյցին ընթացքին գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստան-Հնդկաստան քաղաքական երկխօսութեան խորացման թափին կապակցութեամբ։ Այս առումով անոնք կարեւորեցին բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններու եւ զանազան հարթակներու վրայ պարբերական շփումներուն դերը։

Նախարարները քննարկեցին շարք մը ոլորտային ուղղութիւններով երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ հարցեր՝ անդրադառնալով առեւտրատնտեսական համագործակցութեան եւ գործարար կապերու աշխուժացման, բարձր արհեստագիտութիւններու, կրթութեան, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներէ ներս յարաբերութիւններու զարգացման։ Ընդգծուեցաւ խորհրդարանական համագործակցութեան աշխուժացման, ինչպէս նաեւ միջազգային բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։

Կողմերը անդրադարձան տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու։ Արարատ Միրզոյեան պաշտօնակցին ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած մարդասիրական տագնապին։ Այս ամբողջին մէջ ընդգծուեցաւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վերջին վճռին, որով Ատրպէյճանէն հրատապ քայլերու կիրառում կը նախատեսուի, որպէսզի միջանցքը վերաբացուի։ Միրզոյեան նշեց, որ Ատրպէյճանի դէմ հրատապ միջոցներու կիրառումը անհրաժեշտութիւն է, որպէսզի այդ դատավճիռը կեանքի կոչուի։

Հանդիպումէն վերջ հնդիկ նախարարն ալ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ամփոփ գրառումով մը։ Ան ողջունեց Միրզոյեանը եւ տեղեկացուց, որ քննարկուած է երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան օրակարգի լայն շրջանակ։

Երկուշաբթի, Մարտ 6, 2023