«ԱՐԵՒԻ ԵՐԳԸ՝ ԱՐԵՒԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ»
Իտալացի յայտնի ջութակահար ու ալթահար Մարքօ Միշանիայի եւ հանրածանօթ օփերայի երգիչ, «Զուարթնոց» խումբի գեղարուեստական ղեկավար Տիգրան Կոնինեանի՝ Գառնիի հեթանոսական տաճարին մէջ նկարահանուած «Արեւի երգը՝ Արեւի աստուծոյ տաճարին մէջ» տեսահոլովակը ուղղուած է Իտալիոյ հասարակութեան:
Համատեղ տեսահոլովակ նկարահանելու նախաձեռնութիւնը «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արա Թարվերտեանինն կը պատկանի: Իտալացի երաժիշտին հետ օրերս կայացած հանդիպման մը ընթացքին՝ կազմակերպութեան ղեկավարը բարձրաձայնած է իր մտայղացման մասին: Մարքօ Միշանիա մեծ ոգեւորութեամբ արձագանգած է առաջարկին, որմէ ետք համաձայնութիւն եղած է յայտնի ջութակահարի երեւանեան համերգի կազմակերպիչ «Քամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոն»ի տնօրէնութեան հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-էն:
Հայ-իտալական գործակցութիւնը միտուած է Գառնիի հենթանոսական տաճարի հանրահռչակման, նաեւ՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ իտալացի զբօսաշրջիկներու մօտ հետաքրքութիւն յառաջացնելու:
Տիգրան Կոնինեան եւ անոր ղեկավարած «Զուարթնոց» խումբը «Պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի լաւագոյն բարեկամն են: Տեղացի այցելուները եւ օտար զբօսաշրջիկները «Զուարթնոց» խումբի անզուգական կատարումները յաճախ կրնան ունկնդրել «Պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի մասնաճիւղ՝ «Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանին մէջ։
Մարքօ Միշանիայի եւ Տիգրան Կոնինեանի համատեղ աշխատանքը շուտով պիտի ներկայացուի հասարակութեան դատին: