ԱՆԻ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ԳԻՏԱԿԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ

Ա. Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական տարրալուծարան (Երեւանի Բնագիտութեան ուսումնարան) հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը՝ Հայաստանի Գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան յարկին տակ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին՝ միաձայն որոշած է հիմնադրամի տնօրէն նշանակել Նոթրը Տամի համալսարանի, Միացեալ Նահանգներ, Ինտիանա, Բնագիտութեան բաժանմունքի փրոֆեսէօր Անի Աբրահամեանը՝ առաջարկելով Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահին, վերջինիս հետ կնքելու աշխատանքային պայմանագիր։

Խորհուրդի նիստին հրաւիրուած Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, շնորհաւորելով նորանշանակ տնօրէնը, յոյս յայտնած է, որ Անի Աբրահամեանի ղեկավարութեամբ ազգային տարրալուծարանը, կառավարուելով միջազգային չափանիշներուն համապատասխան, պիտի արձանագրէ գիտական լուրջ առաջընթաց։

Խորհուրդի նախագահ Ներսէս Երիցեան, ներկայացնելով Անի Աբրահամեանը, նշած է, որ ան համաշխարհային ճանաչում ունեցող բնագէտ է, Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու գիտական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու անդամ (Գիտութեան առաջընթացի ամերիկեան ընկերակցութիւն (AAAS), Ամերիկեան քիմիագիտութեան միութիւն (ACS), Ամերիկեան բնագիտութեան միութիւն (APS), Sigma Xi, Նիւ Եորքի գիտութիւններու ակադեմիա), ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Թագաւորութեան գիտական կազմակերպութիւններու տարբեր յանձնաժողովներու անդամ: Անի Աբրահամեան կը համանախագահէ Միացեալ Նահանգներու ազգային ակադեմիաներու Electron Ion Collider յանձնաժողովը, կը հանդիսանայ Մաքուր եւ կիրառական բնագիտութեան միջազգային միութեան (IUPAP) միջուկային գիտութեան կոմիտէի եւ նոյն միութեան տարրական մասնիկներու աստղագիտութեան աշխատանքային խումբի, Հարաւային Տաքոթայի Գիտութեան եւ ճարտարագիտութիւններու կազմակերպութեան (Sanford Underground Laboratory) խորհուրդի, ինչպէս նաեւ միջուկային բնագիտութեան ոլորտին մէջ գործող բազմաթիւ այլ գիտական յանձնաժողովներու անդամ։ Անի Աբրահամեան ունի նաեւ շարք մը ամերիկեան եւ եւրոպական գիտական ծրագիրներու կառավարման փորձ՝ յատկապէս միջուկային բնագիտութեան եւ իզոթոփներու արտադրութեան բնագաւառէն ներս։ Ան հեղինակ է 200-է աւելի գիտական հրապարակումներու։

«Անի Աբրահամեան իր ներդրումը ունի նաեւ Հայաստանի գիտութեան զարգացման գործին մէջ։ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի 2009 թուականի որոշումով՝ Անի Աբրահամեան նշանակուած է Ա. Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական տարրալուծարան հիմնադրամի հեռանկարային զարգացման ուղղութիւնները որոշելու, ուսումնարանի կառավարման բարեփոխումները իրականացնելու եւ գիտական հետազօտութիւններու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու համար անկախ փորձագիտական գնահատում իրականացնելու նպատակով ստեղծուած Միջազգային փորձագիտական յանձնաժողովի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի 2011 թուականի որոշումով՝ հիմնադրամի փորձագիտական խորհրդակցական մարմինի անդամ եւ գիտական քարտուղար։ Երկու յանձնաժողովներն ալ կը գործեն Ռուսաստանի Միջուկային հետազօտութիւններու միացեալ ուսումնարանի Ֆլէորովի անուան միջուկային ազդեցութիւններու տարրալուծարանի գիտական ղեկավար, ակադեմիկոս Եուրի Օհաննէսեանի նախագահութեամբ։ Անի Աբրահամեան նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ է:

Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնած է հիմնադրամի նախկին տնօրէն Աշոտ Չիլինկարեանին՝ երկարամեայ գործունէութեան համար՝ առաջարկելով ղեկավարել Քոզմիքական ճառագայթներու կեդրոնը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 6, 2018