ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Վատիկանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանը։ Ինչպէս ծանօթ է, 2015 թուականին Ս. Գրիգոր Նարեկացին Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ հռչակուած էր «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»։ Ի շարունակութիւն, երէկ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետի մասնակցութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարք Գրիգոր-Պետրոս Ի.։ Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանն ալ ներկայ գտնուեցաւ բացման արարողութեան։
Արձանի բացումէն առաջ երէկ առաւօտ Վեհափառ Հայրապետը Վատիկանի Առաքելական պալատի երդիքին տակ առանձնազրոյց մը ունեցաւ Սրբազան Պապին հետ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ նոյնպէս հիւրընկալուեցաւ Քահանայապետին կողմէ։
Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանին բացումը կատարուեցաւ միջեկեղեցական արարողութեան մը ձեւաչափով։ Հնչեցին Հայ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու շարականները։ Հատուածներ ընթերցուեցան Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանէն։ Բացումէն վերջ Սրբազան Պապը օրհնեց արձանը, որուն յաջորդեց հովուապետներու աղօթքով հայցը՝ սուրբի բարեխօսութեան։
Վատիկանի մէջ Վեհափառ Հայրապետի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Ս. Պետրոսի տաճարը։ Հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի արձանին առջեւ կատարուեցաւ մասնաւոր աղօթք մը։