ՎԵՐՅԻՇՄԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրեալ-նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ այցելեց նահատակ պետական գործիչ Կարէն Տեմիրճեանի տուն-թանգարանը։ Ինչպէս ծանօթ է, Կարէն Տեմիրճեան Սովետական Հայաստանի վերջին ղեկավարն էր, անկախութեան տարիներուն ալ ծաւալած էր քաղաքական գործունէութիւն եւ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը վարելու ժամանակ նահատակուած էր՝ 28 Հոկտեմբեր 1998 թուականին Հայաստանի խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած ահաբեկչական արիւնալի յարձակման հետեւանքով։
Երէկուան այցելութեան ընթացքին Արմէն Սարգսեան հիւրընկալուեցաւ հոգելոյս Կարէն Տեմիրճեանի որդւոյն՝ Ստեփան Տեմիրճեանի կողմէ, որ կը գլխաւորէ ընդդիմադիր Հայաստանի Ժողովրդական կուսակցութիւնը։ Տուն-թանգարանէն ներս շրջայց մը կատարելէ վերջ, Արմէն Սարգսեան հրաժեշտ առնելէ առաջ ստորագրեց նաեւ այցելուներու տոմարը։