ՊՐԻՒՔՍԵԼ ԵՒ ԱՆԳԱՐԱ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, որ երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ, այսօր Անգարայի մէջ կը հիւրընկալէ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Մինչ Հարաւային Կովկասի պարագային թէժ իրադարձութիւնները կը շարունակուին եւ անոնց առանցքին վրայ ազդեցութիւն բանեցնել կը շարունակէ Թուրքիան, այս օրերուն միջազգային այլ յառաջատար խաղացողներու հետ շփումները կը խտանան։

Չավուշօղլու-Պլինքըն երէկուան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պրիւքսելի մէջ, ուր ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները մէկտեղուած էին՝ Ֆինլանտիոյ դաշինքին անդամակցութեան բերումով։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ հանդիպման ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլու Ֆինլանտիոյ անդամակցութեան համար Թուրքիոյ հաստատագիրը յանձնած է Էնթընի Պլինքընին։ Ուաշինկթընի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ Չավուշօղլու-Պլինքըն հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է «Ֆ-16» ռազմաօդանաւներու վերանորոգման վերաբերեալ ծրագիրը, որ երկար ժամանակէ ի վեր Թուրքիա-ԱՄՆ առանցքին վրայ խնդրայարոյց դարձած է։

Այս բոլորէն վերջ Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր կը հիւրընկալէ Սերկէյ Լաւրովը։ Ուղեւորութեան ընդառաջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները հրապարակեցին որոշ մանրամասնութիւններ։ Այսպէս, երկու նախարարները օրակարգի վրայ կ՚ունենան Անդրկովկասէ ներս համագործակցութեան խորացման հարցերը։ Անոնք այս ամբողջին մէջ կանգ կ՚առնեն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու վերսկսման, փոխադրութեան ուղիներու եւ կապի միջոցներու ապաշրջափակման վրայ։ Չավուշօղլու եւ Լաւրով, ընդհանուր առմամբ, կը քննարկեն յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին տարածաշրջանի վերակառուցումը։ Բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենան նաեւ թէ՛ երկկողմանի օրակարգի եւ թէ միջազգային հրատապ նիւթերու շուրջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 6, 2023