ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲԱՆԱԿԸ ԿՐԱԿ ԲԱՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Ատրպէյճանի բանակը երէկ յետմիջօրէի ժամերուն Հայաստանի սահմաններուն վրայ հերթական յարձակումը գործեց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժամը 15.05-ին Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի գիւղը ենթարկուեցաւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու յարձակման։ Ժամը 17.30-ին ալ, Գեղարքունիքի մարզի սահմանակից Վերին Շորժայի վրայ կրակ բացուեցաւ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները յայտնեցին, որ աւելի առաջ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պնդած էր, թէ իբրեւ թէ հայկական զօրքերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են Ատրպէյճանի դիրքերուն վրայ։

Այս դէպքը զուգադիպեցաւ Պրիւքսէլի երէկուան եռակողմանի հանդիպման օրուան։ Պաքուի ղեկավարութիւնը վաղուց բացասական վերաբերմունք ցոյց կու տար այդ տեսակցութեան դէմ եւ կ՚արտայայտէր իր բողոքը։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ յայտարարեց, որ Պրիւքսէլի տեսակցութիւնը հերթական վտանգի աղբիւրը կը դառնայ Հարաւային Կովկասի տեսակէտէ։

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024