ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԻ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Հայաստանէ ներս հաստատուած սահմանափակումներու աստիճանական մեղմացման գործընթացը սկսած է։ Երկրէ ներս բոլոր հարթակներու վրայ կը հնչէ այն պատգամը, թէ առօրեայի բնականոնացման ճանապարհին համաճարակի դէմ պայքարի մէջ պատասխանատուութեան բաժին կը վիճակի իւրաքանչիւր քաղաքացիի։ Երեւանի մէջ սրճարաններն ու ճաշարանները կը գործեն՝ համաճարակի միջավայրի պարտադրած ձեւով։ Նախազգուշական տրամաբանութեամբ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններն ալ կը շարունակուին։ Հայաստանի կառավարութիւնը խորհրդարան ուղարկած է օրէնքի նախագիծ մը, ըստ որու բոլոր բժիշկները կասկածի պարագային պիտի պարտաւորուին հաւանական վարակեալը տեղեկացնել առողջապահական պատկան մարմիններուն։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին զեկուցուեցաւ երկրի առողջապահութեան ոլորտէն ներս հիմնարար ծախսային ծրագրերու գործադրութեան ընթացքը։

Ըստ վերջին տուեալներուն, Հայաստանի մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու ընդհանուր հաստատուած թիւն է 2 հազար 782։ Ցարդ 40 հիւանդ զոհ գացած է համաճարակին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020