ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ՉԿԱՅ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս հաստատուած ժողովրդավարութեան կայունութեան ոչինչ կը սպառնայ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Ազգային ժողովէն ներս ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան ծրագրի կատարման ընթացքի եւ արդիւնքներուն վերաբերեալ զեկոյցը։ Ըստ էութեան, սա 2019 թուականի կառավարական գործունէութեան վերաբերեալ զեկոյց մըն է, սակայն ընդհանուր պատկերը կը ցոլանայ նաեւ ներկայ իրադրութեան վրայ։ Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ 2018 թուականի մայիսէն ի վեր հաստատուած է ժողովրդավարական կայունութիւն։ Ան ըսաւ.
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կայուն ժողովրդավարական պետութիւն մըն է։ Գիտէք, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ շատ երկար տարիներ հաստատուած էր մենատիրական կայունութիւն։ Եւ մենատիրական կայունութեան պատկերին վրայ ժողովրդավարական կայունութիւնը երբեմն կրնայ անկայունութեան տպաւորութիւն ստեղծել։ Բայց ես կ՚ուզեմ արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաստատուած է ժողովրդավարական կայունութիւն, հաստատուած է ժողովրդական եւ ժողովրդավարական իշխանութիւն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ոչինչ կը սպառնայ ժողովրդավարական կայունութեան։ Պատիւ ունիմ արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ չկայ որեւէ քաղաքական, քրէական, մաֆիական ուժ, որ ի վիճակի ըլլայ խաթարել Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական կայունութիւնը»։
Փաշինեան շեշտեց, որ անցեալ տարուայ բոլոր միջազգային ժողովրդավարական ցուցանիշներուն մէջ Հայաստան արձանագրած է տպաւորիչ աճ։
Անդրադառնալով տնտեսութեան վերաբերեալ տուեալներուն՝ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ պիւտճէի եկամուտները աւելցած են 43.6 տոկոսով։ Պետական պիւտճէի հարկային եկամուտներն ալ առաջին եռամսեակին գերակատարուած են 8.9 միլիառ հայկական դրամով։
Ըստ Փաշինեանի, 2019 թուականին երկիրը յաջողած է արձանագրել 2008 թուականէն ի վեր ամենաբարձր տնտեսական աճի մակարդակը՝ 7.6 տոկոս, ինչ որ ամենաբարձրն է ամբողջ տարածքաշրջանէ ներս։