ԳԱՒԱՌԻ ՄԷՋ ԵՌՈՒԶԵՌ

Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին վաղը պիտի օծուի եւ պաշտամունքի պիտի վերաբացուի՝ հանդիսապետութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ նաեւ պիտի պատարագէ կիրակի օր։ Թրքահայութեան ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած է սոյն արարողութիւններուն վրայ, որոնց առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արդէն մեկնած է Տիարպաքըր։ Գաւառի այս մեծ եռուզեռը ունի նաեւ պատմական նշանակութիւն։ Արդարեւ, աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր պատրիարքական Ս. Պատարագ չէ մատուցուած այս եկեղեցւոյ մէջ։ Կը նախատեսուի, որ արարողութեան մասնակցին պետական աւագանիէն ներկայացուցիչներ, քոյր եկեղեցիներէ հոգեւորականներ եւ ուխտաւորներ։ Ատենապետ Էրկիւն Այըքի կողմէ գլխաւորուած ծխական խորհուրդը նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները յառաջ տարած է սոյն արարողութիւններուն համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին պիտի ըլլան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ներկայացուցիչը՝ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն վեղարաւորներ ու քահանայ հայրեր։ Երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Պատրիարքական Աթոռի «Արմաշ» դպրաց խումբին եւ կարգ մը սարկաւագներու կողմէ՝ ղեկավարութեամբ ու երգեհոնահարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։

Մօտաւոր անցեալին այս պատմական եկեղեցւոյ առաջին վերաշինութիւնը իրականացուած էր՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ տարուած մեծ աշխատանքով, երբ ան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնը կը զբաղեցնէր։ Յետոյ, դժբախտաբար, ահաբեկչութեան դէմ ծաւալուած գործողութիւններու ժամանակ այս եկեղեցին վերստին խոնարհած էր։ Այժմ, երկար ջանքերէ վերջ պետական միջոցներով վերանորոգուած այս եկեղեցին վերստին պաշտամունքի կը բացուի, ինչ որ մեր համայնքին տեսակէտէ հոգեւոր մեծ ուրախութեան առիթ է։ Տիարպաքըրի եկեղեցին ամբողջ Միջին Արեւելքի ամենամեծ հայկական սրբավայրն է եւ եզակի խորհրդանշան մը՝ Թուրքիոյ հայկական ժառանգութեան տեսակէտէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ այս արարողութիւններուն առթիւ մեկնած է Տիարպաքըր, յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին ալ պիտի գտնուի այնտեղ եւ չորեքշաբթի պիտի վերադառնայ իր Աթոռը։

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022