ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԷՆ

Յայտնի լուսանկարիչ Ռիչըրտ Սիլվըր կը ճամբորդէ աշխարհով մէկ՝ նկարելով զանազան երկիրներու գրադարանները։ Ան Նիւ Եորքէն ճամբորդական ծանօթ լուսանկարիչ մըն է եւ այցելած է աւելի քան 94 երկիր։ Անոր բուն նպատակն է լոյս սփռել մեր առօրեայ աշխարհին ու իր ամենասիրելի նիւթն է՝ ճարտարապետութիւնը։

Ըստ իրեն, գրադարաններու մէջ կը պահուի ամենաթանկագին ներքին ճարտարապետութեան մեթոտները, գեղեցիկ, գունեղ ու զարդարուած մոթիֆները։ Գրադարանները կը պարունակեն ինչպէս անսահման գիտելիքի միջոցներ, այնպէս ալ ճարտարապետական աննման ժառանգութիւն։

Ռիչըրտ Սիլվըրի լուսանկարները ցուցադրուած են թանգարաններու, պատկերասրահներու մէջ՝ ներառեալ Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն»ի արուեստի թանգարանը, «AGallery» պատկերասրահը եւ այլ յայտնի վայրեր։

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022