ՆՊԱՍՏԱՒՈՐ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տեղեկութիւններ տուաւ Զօհրապ Մնացականեանի այցելութեան շուրջ։ Այսպէս, բացի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ նախատեսուած հանդիպումէն, Զօհրապ Մնացականեան Մոսկուայի մէջ շփումներ կ՚ունենայ Ռուսաստանի օրէնսդիր մարմնի ներկայացուցիչներուն հետ։ Նախարարի ծրագրին վրայ ընդգրկուած է նաեւ Մոսկուայի հայ ուսանողներուն հետ տեսակցութիւնը։

Զօհրապ Մնացականեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի հանդիպման օրակարգին վրայ նախատեսուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Նախարարները կ՚անդրադառնան նաեւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ Երեւանի եւ Մոսկուայի ջանքերու համադրման հարցերուն։ Մնացականեան եւ Լաւրով Մոսկուայի մէջ կը սարքեն նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին կը ներկայացնեն բանակցութիւններու արդիւնքները։ Զօհրապ Մնացականեան հարցազրոյց մըն ալ կու տայ ռուսական շարք մը հեղինակաւոր զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն։

Դէպի Մոսկուա այցելութենէն անմիջապէս վերջ, յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Մնացականեան Ալմաթիի մէջ պիտի մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Բաց աստի, նոյնպէս յառաջիկայ շաբթուան մէջ, 13 Յունիսին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները պիտի այցելեն Երեւան։ Հարկ է նշել, որ 15 Մայիսին միջնորդները Փարիզի մէջ տեսակցած էին Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Նոյնաժամանակ անոնք տեղեկացուցած էին, որ կ՚ակնկալեն այս ամսուան մէջ հանդիպում մը ունենալ Հայաստանի նոր ղեկավարութեան հետ։ Համանախագահները վերջին անգամ անցեալ Փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան այցելած էին։

Մոսկուա այցելութեան ընդառաջ Զօհրապ Մնացականեան յայտարարեց, որ Հայաստանի ռազմավարական յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ ամուր հիմքեր ունին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ նախարարը մատնանշեց, որ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ շատ խոր, կարեւոր յարաբերութիւններ ձեւաւորուած են եւ անոնք շարունակական պիտի ըլլան։ «Ռազմավարական համագործակցութիւնը, ռազմավարական յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ ունին շատ ամուր հիմքեր, շատ տրամաբանական եւ բացատրելի են եւ մենք խնդիր չունինք սա շատ յստակ բացատրելու մեր միւս գործընկերներուն», ըսաւ Մնացականեան եւ աւելցուց, որ ջանքեր պէտք է գործադրել եւ հնարաւորինս պարզ ու յստակ պէտք է բացատրել, որ Հայաստան մէկու մը հետ յարաբերութիւններ չի հաստատեր ուրիշի մը հաշուոյն կամ ընդհակառակը։ Հայկական կողմը երբեք նման նպատակ մը չէ ունեցած։

Մնացականեան նոյն հարցազրոյցին մէջ խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Իր խօսքով՝ Արցախ ունի որոշիչ ձայն՝ հարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ։ «Գիտէք, մենք ներկայիս կը գտնուինք այն փուլին մէջ, ուր կը ձեւաւորենք հիմքերը՝ շարունակելու համար բանակցային գործընթացը։ Այս շրջանին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ես հեռախօսազրոյց ունեցած եմ համանախագահներուն հետ, հեռախօսազրոյց ունեցած եմ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալին հետ։ Այստեղ գտնուած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան պաշտօնեան, մենք ընդունած ենք Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Հայաստանի մէջ, ես հեռախօսազրոյց ունեցած եմ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ», ըսաւ Մնացականեան եւ նշեց, որ դէպի Մոսկուա աշխատանքային այցելութեան հիմնական իմաստը ռուս նախարարին հետ հանդիպիլն է։ «Այս ամբողջ շարքը մեր աշխատանքն է, որ կը տարուի գործընթացը շարունակելու ուղղութեամբ», աւելցուց Մնացականեան, որ մատնանշեց էական, կենսական նշանակութիւնը՝ խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի մը ձեւաւորման։ Նախարարը մտահոգիչ համարեց այն բազմաթիւ ձեւակերպումները, յայտարարութիւններն ու կոչերը, որոնք կը նպաստեն ճիշդ հակառակին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 2018