«ԽՈՒՃԱՊ ՉԿԱՅ…»

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի սկսելու հաւանականութիւնը այժմ աւելի մեծ չի համարուիր՝ ամիս մը առաջուան բաղդատմամբ։ Վերջին շրջաններուն Ատրպէյճան կուտակումներ կը կատարէ Արցախի հետ շփման գծի եւ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ։ Նոյնիսկ, սահմանի Նախիջեւանի հատուածին Ատրպէյճանի զօրքերը վերջերս կատարեցին ոտնձգութիւններ՝ պատճառ դառնալով բախումներու։

Այս բոլորի լոյսին տակ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ. «Հակառակորդը կը զինուի, կը պատրաստուի պատերազմի եւ այս բանը չի թաքցներ։ Ատրպէյճանի ռազմական ղեկավարութիւնը երբեք չի թաքցներ, որ կը պատրաստուի ետ նուաճել իր կորսնցուցածը։ Պաշտպանութեան նախարարութեան կանխատեսումները հետեւեալն են, թէ հակառակորդի նմանտիպ գործողութիւններուն պէտք է ամէն պահ պատրաստ ըլլալ, որովհետեւ ուժերն ու միջոցները բաւական խիտ են երկու կողմէ։ Բայց, միեւնոյն ժամանակ, սխալ կ՚ըլլայ ըսել, որ յառաջիկայ մէկ շաբթուան կամ մէկ ամսուան ընթացքին պատերազմի սկզբման հաւանականութիւնը աւելի մեծ է՝ մէկ ամիս առաջուան բաղդատմամբ։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը չի բացառեր, որ Ատրպէյճան կրնայ պատերազմի սկսիլ որեւէ պահու»։

Բանբերը հասարակութեան մօտ առկայ անհանգստութիւնը թէեւ համարեց բնականոն, սակայն մատնանշեց, որ խուճապ չկայ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ բանբեր Յովհաննիսեան անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի պնդումներուն, ըստ որոնց անմիջական դիտարկման տակ կը պահուի Երեւան-Եղեգնաձոր-Գորիս-Լաջին-Ստեփանակերտ ճանապարհը։ Ի պատասխան՝ ան ընդգծեց, որ Հայկական զինեալ ուժերը կը վերահսկեն Ատրպէյճանի առնուազն երկու անգամ աւելի շատ բնակավայրեր։

«Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագօտիի երկարութեամբ կան այդպիսի երեսուն տեղամասեր՝ այդ թուին առաջնային նշանակութեամբ ճանապարհներ, որոնք մշտապէս կրնան դիտարկուիլ հակառակորդին կողմէ։ Տաւուշի մարզէն ներս քսանէ աւելի բնակավայրերու համար եւս վտանգ կայ։ Ասոր ի պատասխան՝ մեր զինեալ ուժերը ունին դիտարկման հնարաւորութիւն Ատրպէյճանի շուրջ յիսուն բնակավայրերու պարագային։ Վերահսկման գործօնի ձեւով մը շահարկումը Ատրպէյճանի տեսակէտէ օգտակար չէ։ Հայկական կողմը առնուազն երկու անգամ աւելի շատ բնակավայրեր կը տեսնէ եւ կը վերահսկէ։ Մենք պարզապէս այդ մասին չենք բարձրաձայներ։ Վերահսկողութեան մէջ վտանգ կայ, բայց ռազմական գործողութեան ժամանակ այդ բանը լուրջ վտանգ չի ներկայացներ եւ դեր չի խաղար», ըսաւ Արծրուն Յովհաննիսեան։

Ուրբաթ, Յուլիս 6, 2018