ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԷՆ 209 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ՈՒՂԱՐԿԱԾ ԵՆ ԻՐԵՆՑ ԵՐԿԻՐԸ

Ռուսաստանէ ներս հաշուարկներ կատարուեցան, թէ ԱՊՀ-ի զանազան երկիրներէն աշխատելու համար այնտեղ մեկնածները որքան գումար կ՚ուղարկեն իրենց երկիրները։ «Սփութնիք» գործակալութեան հաղորդումներով, Western Union միջազգային վճարային համակարգի եւ Ռուսաստանի Ելմտական հետազօտութիւններու ազգային գործակալութեան համատեղ հետազօտութեան հիման վրայ հրապարակուեցան շարք մը տուեալներ։

Ռուսաստանէն արտասահման գումար ուղարկողներու մեծամասնութիւնը կը կազմեն 24-40 տարեկանի տղամարդիկ՝ միջին մասնագիտական կրթութեամբ։ Անոնք Ռուսաստանի մէջ կը զբաղին շինարարութեան, առեւտուրի, հանրային ծառայութիւններու ոլորտներուն մէջ։

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները Ռուսաստանէն իրենց երկիրը փոխանցած են 209 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Ատրպէյճանի քաղաքացիները 191 միլիոն տոլար ուղարկած են իրենց երկիրը, իսկ Ուքրայնոյ քաղաքացիները՝ 158 միլիոն տոլար։ Հայրենիք ուղարկուած գումարներու ցուցանիշով ԱՊՀ-ի երկիրներու շարքին առաջին տեղը կը զբաղեցնէ Էօզպեքիստանը, որու քաղաքացիները 726 միլիոն տոլար փոխանցած են Ռուսաստանէն դէպի իրենց երկիրը։ Տաճիկիստանի քաղաքացիները զբաղեցուցած են երկրորդ տեղը՝ 487 միլիոն տոլարով։ Երրորդ տեղը կը զբաղեցնեն Խրղըզիստանի քաղաքացիները՝ 495 միլիոն տոլարով։ Ռուսաստանէն Ղազախիստան ուղարկուած գումարներն ալ կազմած են 143 միլիոն ամերիկեան տոլար։

Ուրբաթ, Յուլիս 6, 2018