ՀԻԱՍՔԱՆՉ ԵՐԿԻՐ ՄԸ…

Հայաստանի երկրորդ մեծ քաղաքին՝ Կիւմրիի մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական ժողովի նախագահ Կարտինալ Կուալթերօ Պասեթիի։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վերջերս իտալացի խումբ մը ուխտաւորներ եռօրեայ այցելութիւն մը տուին Հայաստան։ Կարտինալ Պասեթիի կողմէ գլխաւորուած այդ խումբին մաս կազմեցին Հռոմի Կաթողիկէ եկեղեցիէն հինգ եպիսկոպոսներ։ Իտալացի ուխտաւորները այցելեցին Հայաստանի սրբավայրերը, հանդիպումներ ունեցան այն բարեգործական կառոյցներու եւ հաստատութիւններու հետ, որոնց միջոցաւ Հայաստանէ ներս Իտալիոյ Կաթողիկէ եկեղեցին շարք մը ընկերային ծրագրեր կ՚իրականացնէ։ Իտալացի ուխտաւորներու ուղեւորութիւնը աւարտին հասաւ Կիւմրիի մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով։

Անցեալ տարուան Մայիսին Կարտինալ Պասեթի հինգ տարուան ժամկէտով ընտրը-ւած էր Իտալիոյ Եպիսկոպոսական ժողովի նախագահ։ Ան Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. Պատարագ։ Ներկայ էր Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթոլիկներու առաջնորդ Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան։ Արարողութեան մասնակցեցան կաթողիկէ համայնքներէ եւ կաթոլիկ միսիոնարական կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ։ Անարատ Յղութիւն հայ քոյրերու միաբանութեան կողմէ ալ ներկայացուցիչներ կային Ս. Պատարագի ընթացքին։

«Կարտինալ Պասեթի Հայաստան եկած է որպէս ուխտաւոր եւ նոյնաժամանակ Ս. Խորանին առջեւ աղօթելու ցանկութիւն յայտնած է։ Ան նաեւ Հայաստանէ ներս իրականացուող շարք մը ընկերային ծրագրերու բարերարն է, այդ շարքին՝ Աշոտցքի գործող հիւանդանոցը։ Վատիկանէն այցելած ամէն հիւր կ՚այցելէ նաեւ Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին՝ որպէս հայ կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցի։ Աւելի՛ն, այս անգամ պատիւն ունեցանք ներկայ գտնուելու Ս. Պատարագի մատուցուած՝ ձեռամբ կարտինալին», ըսաւ Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան։

Կարտինալ Պասեթի Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի եւ Ս. Պատարագին մասնակից ժողովուրդին փոխանցեց Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի ողջոյնը։ Աւելի վերջ կարտինալը ըսաւ.

«Մենք՝ եպիսկոպոսական այս դասը, շատ ուրախ ենք այս հիասքանչ երկրին մէջ, այս սուրբ հողի վրայ պատարագ մատուցելու համար։ Հայաստան այն երկիրն է, որ հին ժամանակներէն ի վեր իր սրտին մէջ ընդունած է եւ կը տանի Աւետարանի խօսքը։ Մենք այս ընթացքին մեծ յուզումով եղանք այն վայրին մէջ, ուր մեր քոյրերու եւ եղբայրներու վէրքերուն մէջ տեսանք նաեւ Քրիստոսի վէրքերը։ Այս բոլորով մենք պէտք է գիտակցինք, թէ ինչպիսի քրիստոնեաներ ենք։ Մենք պէտք է քրիստոնեայ ըլլանք ոչ թէ խօսքերով, այլ ապրումով, մեր կեանքի կենսակերպով։ Պէտք է գործել ոչ թէ նիւթականով, այլ հոգեւորով»։

Իր քարոզին մէջ կարտինալը անդրադարձաւ նաեւ 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի պատճառած վնասներուն։ Ան յայտնեց, որ շատ լաւ կը պատկերացնէ հայ ազգին կողմէ տարուած այդ ցաւն ու վիշտը։ «Պէտք է ըսեմ, որ մենք ալ նոյն ճակատագիրը կը բաժնենք, որովհետեւ Իտալիոյ կեդրոնական հատուածէն ներս մենք նոյնպէս ապրած ենք այդ արհաւիրքը», ըսաւ կարտինալը ու խնդրեց բոլորէն աղօթել՝ որպէսզի արհաւիրք տեսած տարածքներու բնակչութիւնը այլեւս երբեք իր յոյսը չկորսնցնէ։

Ուրբաթ, Յուլիս 6, 2018