ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԿԱՅՔԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց համացանցային կայքէջ մը, որ կը ներկայացնէ երկրի դիւանագիտական պատմութիւնը։ www.divanaget.am կը կոչուի այս կայքէջը, որու հաստատման առթիւ շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կայքէջի այցելուները հնարաւորութիւն կ՚ունենան ծանօթանալու հայկական դիւանագիտութեան 100-ամեայ պատմութեան, Հայաստանի երեք հանրապետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներուն, անոնց գործունէութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններու, հայ դիւանագէտներու վերաբերեալ զանազան տեղեկութիւններու եւ այլն։

Շնորհանդէսին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ շեշտեց, թէ կարեւոր ու գնահատելի աշխատանք մը կատարուած է։ «Կը կարծեմ՝ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան, Խորհրդային Հայաստանի եւ այժմու՝ երրորդ Հանրապետութեան պատմութիւնները ապագայ կերտելու համար կարեւոր ուսումնական նիւթ են։ Ի հարկէ, միշտ կան բանավէճեր, թէ պատմութիւնը ինչպէս կը մեկնաբանուի։ Սակայն, կը կարծեմ, թէ իւրաքանչիւր քաղաքացի, իւրաքանչիւր պաշտօնեայ, իւրաքանչիւր դիւանագէտ այդ պատմութենէն կրնայ ընել հետեւութիւններ։ Առաւել տաղանդաւորները կը տարբերուին այն բանով, որ այդ պատմութենէն կ՚ընեն առաւել ճիշդ հետեւութիւններ։ Յոյս ունիմ, թէ այս կայքէջը մեր տաղանդաւոր դիւանագէտներուն պիտի օգնէ ընել առաւել ճիշդ, օգտակար ու արդիւնաւէտ հետեւութիւններ», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան շնորհանդէսի ընթացքին։

Շնորհանդէսի առթիւ Նիկոլ Փաշինեան շրջայց մըն ալ կատարեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս՝ ուղեկցութեամբ նախարար Զօհրապ Մնացեականեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու։ Նոյն համալիրէն ներս վարչապետը այցելեց նաեւ Դիւանագիտական դպրոց, ուր տնօրէն Վահէ Գաբրիէլեանի բացատրութիւններով ծանօթացաւ պայմաններուն, ուսումնական գործընթացի կազմակերպման։

Ուրբաթ, Յուլիս 6, 2018