«ԹՈՒՐՔԻԱ ԳԵՏՆԻ ՀԱՒԱՍԱՐԵՑՈՒՑԱԾ Է ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԻ ՄԷՋ ԼԱՐՈՒԱԾ ԾՈՒՂԱԿՆԵՐԸ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա գետնի հաւասարեցուցած է Արեւելեան Միջերկրականէ ներս լարուած ծուղակները։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան մատնանշեց, որ մեծ պայքարներով եւ ջանքերով ապահովուած միջավայրը դրականօրէն կը ցոլանայ ուժանիւթի ոլորտի ներդրումներուն վրայ։

«Նախ եւ առաջ ապահովեցինք, որ տեղացի կամ օտար ներդնողները վստահին Թուրքիոյ ապագային, ուժանիւթին եւ իրաւունքին։ TANAP-ի եւ Թրքական հոսքի նման միջազգային խողովակաշարներու շնորհիւ, ամրապնդեցինք Թուրքիոյ ուժանիւթի ոլորտէ ներս կեդրոնական դերը», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Արեւելեան Միջերկրականէ վերջ Սեւ ծովէ ներս ալ որոնման աշխատանքներու ուղղութեամբ շարժման անցած է երկիրը։

Ի լրումն այս բոլորին, Էրտողան դիտել տուաւ, որ անցեալ տարի վերականգնման ուժանիւթի աղբիւրներու հիմքով ելեկտրական արտադրութեան գծով Եւրոպայէ ներս Թուրքիա զբաղեցուցած է երկրորդ հորիզոնականը։ Ներկայ տարուայ առաջին հինգ ամիսներու ընթացքին տեղական միջոցներով եւ վերականգնելի աղբիւրներով արտադրուած ելեկտրականութեան համեմատութիւնը բարձրացած է 66 տոկոսի։

Նախագահի խօսքով՝ Թուրքիա մեծնալու եւ զարգանալու զուգահեռ ա՛լ աւելի պիտի բարձրացնէ իր ուժանիւթի արտադրութիւնը։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2020