«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»Ը՝ ԹՐՔԵՐԷՆՈՎ

«Արմէնփրէս»ի տնօրէն Արամ Անանեան տեղեկացուց, որ գործակալութիւնը շուտով պիտի ունենայ թրքերէն բաժին մը։ «Լրատուական դաշտէն ներս նաեւ թրքերէն պիտի խօսինք», ըսաւ Արամ Անանեան՝ յիշեցնելով, որ թրքերէնը պիտի դառնայ վեցերորդ լեզուն, որով թողարկումներ կ՚ընէ գործակալութիւնը։ Բացի հայերէնէն, «Արմէնփրէս» ցարդ թողարկումներ կը կատարէր անգլերէնով, ռուսերէնով, ֆրանսերէնով եւ արաբերէնով։

Գործակալութեան նոր նախաձեռնութիւնը պայմանաւորուած է այն դիտարկումով, որ Թուրքիոյ մէջ Հայաստանի իրադարձութիւններու մասին տեղեկատուական մեծ բաց մը կայ եւ Հայաստանի ըսելիքը պէտք է աւելի հասկնալի դարձնել Թուրքիոյ համար։ Ըստ Արամ Անանեանի, «Արմէնփրէս»ը զարգացման նոր փուլ մը թեւակոխած է։ Ան Հայաստանի ամենահին լրատուամիջոցն է ու ժամանակն է, որ զինք փորձարկէ նաեւ ամենաերիտասարդ ձեւաչափերու մէջ։ Գործակալութեան թրքերէն թողարկումները միայն գրաւոր ձեւաչափով պիտի չըլլան, նաեւ ձայնային եւ տեսողական բովանդակութիւն պիտի ունենան։

«Արմէնփրէս»ի թրքերէն բաժնին համար պիտի աշխատի հինգ հոգինոց խումբ մը, որու մէջ կը գտնուին թրքագէտներ եւ լրագրողներ, իսկ խումբը պիտի գլխաւորէ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս։

Երեքշաբթի, Յուլիս 6, 2021