ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի նորանշանակ Պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Արցախի ռուս խաղաղապահներու հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատովը։ Այս վերջինը շնորհաւորեց նորանշանակ նախարարը։ Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան Ռուսաստանի խաղաղապահ առաքելութեան վերաբերեալ ընթացիկ հարցեր։ Օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ իրադրութիւնը։

Մինչ այդ, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ երէկ տեղեկացուց, որ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահները Ատրպէյճանի սահմանին վրայ անվտանգ աշխատանքի պայմաններ ապահոված են՝ շուրջ 20 քիլօմեթր երկարութեամբ ջրամատակարարման խողովակաշարի մը կառուցման համար։

Բաց աստի, կը հաղորդուի, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զօրքերը մարտավարական յատուկ վարժանքներ իրականացուցած են Նախիջեւանի մէջ։

Միւս կողմէ, Արշակ Կարապետեան երէկ երեկոյեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021