ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՁԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ

Երեւանի Մոսկովեան-Տէրեան փողոցներու խաչմերուկին վերջերս զետեղուեցաւ հայկական գամփռ ցեղատեսակի շան արձանը:

Այս արձանը հոլանտահայերու նուէրն է Երեւանի հիմնադրութեան 2500-ամեակին առիթով:

Քանդակի հեղինակն է նկարիչ-քանդակագործ Լեւոն Թոքմաճեանը. ան արձանի տեղադրման արարողութեան առիթով յայտնեց. «Հայկական գամփռին արձանը ստեղծելու գաղափարը ունեցած եմ մանկութեան տարիներէս, երբ հօրս հետ լեռները կը բարձրանայի. հոն տեւաբար կը տեսնէի շուն մը՝ Չալօ անունով, ան շատ ապահով կը պահէր ոչխարի հօտը: Շատ տարիներ անցած են, բայց մինչեւ վերջերս Չալոյին նուիրուածութիւնը մնացած է մտքիս մէջ: Եւ ահա Հոլանտայի հայութիւնը, Ս. Գրիգոր Նարեկացի հիմնադրամի ճամբով, ինծի առաջարկեց քանդակել գամփռին արձանը»:

Մօտ երկու տարուան աշխատանք խլած արձանին ակնարկելով՝ քանդակագործ Լեւոն Թոքմաճեան մարդկային կերպար կը տեսնէ անոր դէմքին վրայ եւ փիլիսոփայական հայեացք՝ աչքերուն մէջ: Ան յոյս ունի, որ քաղաքացիները հոգատարութեամբ եւ սիրով պիտի փայփայեն զայն:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2018