ԲՈՎԱՆԴԱԿԱԼԻՑ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները մանրամասն անդրադարձան Հայաստան-Ռուսաստան ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման վերաբերեալ շարք մը հարցերու՝ ներառեալ առեւտրատնտեսական եւ գիտամշակութային ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը։ Նշելով, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստան-Ռուսաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագրի ստորագրման 25-ամեակը՝ կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին բոլոր մակարդակներու վրայ հաստատուած աշխոյժ երկխօսութեան կապակցութեամբ՝ ներառեալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ), Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ), Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս սերտ համագործակցութիւնը։

Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով քննարկեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան խնդիրներու լայն շրջանակ մը։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու, տարածաշրջանէ ներս տնտեսական ու փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման աշխատանքներու վերաբերեալ։ Նախարարները հանգամանալից անդրադարձ կատարեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ հարցերուն։

Արարատ Միրզոյեան կարեւորեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական ու համապարփակ կարգաւորման ուղղեալ ռուսական կողմի ջանքերը՝ ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։

Միրզոյեան եւ Լաւրով վերահաստատեցին Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ հրապարակուած եռակողմանի յայտարարութիւններով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու կարեւորութիւնը։ Անոնք կարեւորեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի դերակատարութիւնը՝ հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի դրութեան ամրապնդման, սադրանքներու կանխման, Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութեան եւ կենսագործունէութեան պայմաններու ապահովման ուղղութեամբ։

Անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներուն՝ Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու շուտափոյթ վերադարձի, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։

Միրզոյեան եւ Լաւրով ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ Հայաստան նախատեսուած պետական այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները եւ ՀԱՊԿ-ի Երեւանի մէջ գումարուելիք գագաթաժողովի՝ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի կազմակերպման ընթացքը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2022