ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՎԼԱՏԻՎՈՍԹՈՔԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Վլատիվոսթոք, ուր իր շփումները կը շարունակուին մինչեւ ուրբաթ՝ 9 սեպտեմբեր։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այցելութեան շրջանակներէն ներս նախատեսուած է Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Մոսկուայի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Փաշինեան եւ Փութին պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ «Ռուսաստան կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ երկիրներու ղեկավարներու միջեւ եռակողմանի պայմանաւորուածութեան հիման վրայ։ Ռուս խաղաղապահ զօրախումբը կ՚ապահովէ անվտանգութիւնը տարածաշրջանի մէջ։ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարները կը քննարկեն նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու առանցքային ուղղութիւնները՝ ներառեալ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։ Կողմերու համագործակցութիւնը կը զարգանայ ուժանիւթի ոլորտին մէջ։ Ռուսաստանէն կազի մատակարարումը տարեկան աւելի քան 2.4 միլիառ խորանարդ մեթր է», ըսաւ Քրեմլինի խորհրդականներէն Եուրի Ուշաքով։

Վլատիվոսթոքի մէջ Փաշինեան կը մասնակցի Արեւելեան տնտեսական համաժողովի լիագումար նիստին՝ Փութինի տանտիրութեամբ եւ այլ պետութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ։ Իր տեսակին մէջ 7-րդ այս համաժողովի այս անգամուան նիւթն է՝ «Բազմաբեւեռ աշխարհի ճանապարհին»։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2022