«ՉԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՃԱՌԵՐ» ՖԻԼՄԸ

«Չար­տա­սա­նուած Նո­պէ­լեան ճա­ռեր». այս­պէս կը կո­չուի հա­ղոր­դա­վար, բե­մադ­րիչ, բե­մա­գիր Ար­թուր Բախ­տա­մեա­նի ֆիլ­մա­շա­րը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ ա­րեւմ­տա­հայ նա­հա­տակ չորս մտա­ւո­րա­կան­նե­րու՝ Գրի­գոր Զօհ­րա­պի, Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի, Սիա­ման­թո­յի եւ Ռու­բէն Սե­ւա­կի են­թադ­րեալ Նո­պէ­լեան ճա­ռե­րը՝ հե­ղի­նակ­նե­րու կեն­սագ­րա­կան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան փաս­տե­րու, ա­նոնց ապ­րած ժա­մա­նա­կի, իղ­ձե­րու ու հիաս­թա­փու­թիւն­նե­րու ճշգրիտ վա­ւե­րա­կան հիմ­քե­րով։ Ժա­պա­ւէ­նը ար­դէն իսկ պատ­րաստ է եւ վեր­ջերս ներ­կա-­յա­ցուե­ցաւ հան­րու­թեան դա­տին։

«Մե­ծա­ծա­ւալ նկա­րա­հա­նում­ներ կա­տա­րուե­ցան։ Ընտ­րուե­ցաւ գլխա­ւո­րա­պէս Նո­պէ­լեան ճա­ռի ձե­ւը, որ պէտք չէ որ ձանձ­րա­լի ըլ­լայ։ Մենք ու­նինք շատ հա­րուստ եւ հա­զա­րա­մեայ գրա­կա­նու­թիւն, սա­կայն չես գի­տեր ին­չու, ոչ մէկ հայ կանգ­նած է այդ բե­մին վրայ։ Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կը չա­փա­նիշ մը կը հա­մա­րուի, ո­րուն սա­կայն ոչ մէկ հայ ար­ժա­նա­ցած է», այս առ­թիւ ը­սաւ Ար­թուր Բախ­տա­մեան։

Ժա­պա­ւէ­նը կը ներ­կա­յա­ցուի տե­սա­պա­տու­մով, ուր իւ­րա­քան­չիւր Նո­պէ­լեան ճառ կ՚ա­ւար­տի 1915-ին տուեալ հե­ղի­նա­կի ե­ղե­րա­կան նա­հա­տա­կու­թեան հան­գա­մանք­նե­րու պարզ ու հա­կիրճ ա­րա­ձա­նագ­րու­մով։

Նկա­րա­հա­նում­նե­րը կա­տա­րուած են գրող­նե­րու ծննդա­վայ­րե­րուն մէջ։ Հե­ղի­նա­կի խօս­քով, նկա­րա­հա­նում­նե­րու աշ­խա­րագ­րու­թիւ­նը շատ լայն էր՝ Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցէն մին­չեւ Իշ­խա­նաց կղզի­ներ, Սեւ ծո­վու ե­զեր­քին կառ­չած Սա­րը­յէ­րէն Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան, Հայ կա­թո­ղի­կէ պատ­րիար­քա­րան, Ղա­լա­թիոյ ո­լո­րագ­լոր փո­ղոց­նե­րով դէ­պի հնագ­րա­վա­ճա­ռի խա­նու­թը, ուր կա­րե­լի է հան­դի­պիլ բա­նաս­տեղծ­նե­րու օս­մա­նե­րէն ա­ռա­ջին հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն, «Նա­ւա­սարդ» հան­դէ­սի օ­րի­նա­կին։

Ժա­պա­ւէ­նը նուի­րուած է Մեծ ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցին։ Ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չուած է Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի գոր­ծըն­կեր կազ­մա­կեր­պու­թեան՝ Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան հիմ­նադ­րա­մի կող­մէ յայ­տա­րա­րուած դրա­մաշ­նոր­հա­յին մրցոյ­թի շրջագ­ծով։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2015