ԴԷՊԻ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը տուաւ իր հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, որ­պէս­զի Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու նա­խա­գի­ծը դրուի հան­րա­քուէի։ Նա­խագ­ծին կողմ քուէար­կե­ցին 104, դէմ՝ 10 եւ ձեռն­պահ՝ 3 պատ­գա­մա­ւոր­ներ։ Հարկ է նշել, թէ նման պատ­կեր մը կան­խա­տե­սե­լի էր՝ հա­շուի առ­նե­լով այն փաս­տը, որ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րուն ա­ջակ­ցե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած էին խորհր­դա­րա­նա­կան ե­րեք ու­ժեր՝ իշ­խա­նա­կան Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը, «Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան»ը եւ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը։ Նա­խագ­ծին դէմ էին Հայ ազ­գա­յին գոնկ­րէ­սէն ու «Ժա­ռան­գու­թիւն»ը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք այդ օ­րէն­քը կը նկա­տեն սե­փա­կան վե­րար­տադ­րու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու փորձ։

Մինչ այդ, խորհր­դա­րա­նի շէն­քին դի­մաց հա­ւա­քուած էին սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու դէմ ար­տա­յայ­տուող «Ո՛չ» ճա­կա­տի հա­մա­կիր­նե­րը, ո­րոնց հետ բա­խում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րու մի­ջեւ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2015