ԷՐՏՈՂԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անդրադարձան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, որոնց շրջագծով ողբերգութիւնը կը հասնի սահմռկեցուցիչ համեմատութիւններու։
Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Փութին պիտի գայ Իսթանպուլ, ուր պիտի ընդունուի Էրտողանի կողմէ։ Այս հանդիպման ընդառաջ տեղի ունեցած է երկու նախագահներուն երէկուան հեռախօսազրոյցը ինչ որ պայմանաւորուած է Սուրիոյ հրատապ իրադարձութիւններով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան եւ Փութին ընդգծած են անհրաժեշտութիւնը՝ Սուրիոյ մէջ բախումներու դադրեցման եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու առաքման նպատակով ջանքերու խտացման ուղղութեամբ։