ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածաշրջանի երկիրներու դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հաւաքը։ Հայաստանէն առաջ Վրաստանն ու Ատրպէյճանն ալ մօտաւոր անցեալին հիւրընկալած էին նմանաբնոյթ հաւաքներ։ Արդարեւ, 2018 թուականին Թիֆլիզի, իսկ 2019 թուականին Պաքուի ամերիկեան դեսպանատուներուն մէջ այս ձեւաչափով հանդիպումներ տեղի ունեցած էին։ Երեւանի հաւաքը թէեւ անցեալ տարի նախատեսուած էր, սակայն, յայտնի դէպքերու հետեւանքով յետաձգուած էր ակամայ։ Քորոնաժահրի համավարակի սահմանափակումներու յարաբերական մեղմացման զուգահեռ՝ տարածաշրջանի ամերիկացի դիւանագէտները համախմբուեցան Երեւանի մէջ։ Այս հաւաքը զուգադիպեցաւ նաեւ ուրոյն ժամկէտի մը, որովհետեւ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ ԱՄՆ-ի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանը արդէն կը մօտենայ։ «Մենք կ՚ընդգծենք, որ յանձնառու ենք ամրապնդել մեր գործընկերային կապերը եւ աջակցիլ տարածաշրջանի ժողովուրդներու առաւել անվտանգ, կայուն եւ բարեկեցիկ ապագայի կերտման», նշուած է հաւաքի աւարտին ամերիկեան դեսպանութեան կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ։

Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Լին Թրէյսի, Թիֆլիզի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Քելի Տեկնան եւ Պաքուի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Լի Լիցենպերկէր այս հաւաքին մասնակցեցան՝ որպէս Հարաւային Կովկասի երկիրներու ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ։ Բաց աստի, Ուաշինկթընէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ալ միացած էին անոնց. ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերու գծով փոխ-տեղակալ Էրիքա Օլսոն, Կովկասի բանակցութիւններու հարցերով գլխաւոր խորհրդատու Էնտրու Շեֆըր (ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ) եւ ԱՄՆ-ի միջազգային զարգացման գործակալութեան Ուաշինկթընի գրասենեակի փոխ-տնօրէն Ալեքսանտր Սոքոլով։

Համավարակով պայմանաւորուած ընդհատումէ վերջ Երեւանի մէջ կազմակերպուած համաժողովի լոյսին տակ յայտարարուած է. «Ուրախ ենք վերականգնել տարածաշրջանի եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մեր գործընկերներուն հետ հաւաքուելու, կարծիքներ, գաղափարներ ու տեղեկութիւններ փոխանակելու այս վաղեմի աւանդութիւնը»։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 6, 2021