ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան  (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանն ու ներկայացուցչութեան խորհրդատու Նաղաշ Յակոբեանը։ Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին դիւանագէտները տեղեկացուցին, որ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 20-ամեակը։ Այս առթիւ ձեռնարկուած է յոբելենական ծրագրի մը մշակման։ Սահակ Սարգսեան եւ Նաղաշ Յակոբեան Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին զանազան մանրամասնութիւններ մշակուած այս ծրագրին կապակցութեամբ։ Բաց աստի, անոնք ընդգծեցին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը կանխաւ արդէն հրաւիրուած կը համարուի այս ձեռնարկին։ Դիւանագէտները տեղեկութիւններ տուին նաեւ ներկայացուցչութեան գործունէութեան շուրջ՝ ընդհանուր գիծերու մէջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութեամբ ողջունեց այս յոբելեանը եւ անոր ծիրէն ներս նախատեսուած հանդիսութիւնը։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը Հայաստանի դիւանագէտներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 6, 2021