ՊԱՀՊԱՆԵԼ ԹԱՓԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով երէկ հանդիպում մը ունեցան Միլանոյի մէջ։ Այս տեսակցութիւնը կազմակերպուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ։ Մնացականեան եւ Մամէտեարով Միլանօ մեկնած են մասնակցելու համար ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։ Նոյն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ անոնց երէկուան տեսակցութիւնը, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան նախ տեսակցեցաւ եռանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Աւելի վերջ միջնորդներուն ներկայութեամբ Մնացականեան հանդիպեցաւ Մամէտեարովի հետ։ Սա Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն վերջ Մնացականեանի եւ Մամէտեարովի երրորդ հանդիպումն է։ Տեսակցութիւնը միտուած էր աւելի հանգամանալից ծանօթանալու հաշտութեան գործընթացի վերաբերեալ կողմերու դիրքորոշումներուն եւ մօտեցումներուն։ Այս առումով կարծիքներու օգտակար փոխանակում մը տեղի ունեցաւ։

Մնացականեան եւ Մամէտեարով համաձայնեցան յառաջիկային շարունակել հանդիպումները՝ պահպանելով ձեւաւորուած թափը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018