ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ «ՀԱՄԼԷԹ»

Հայաստանի թատերական կեանքին տեսակէտէ նախընթաց օր յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ Երեւանի Սենեկային պետական թատրոնի երդիքին տակ ներկայացուած «Համլէթ»ով։ Թատերախումբի խաղացանկը համալրուեցաւ մեծանուն Ուիլիըմ Շէյքսփիրի նշանաւոր «Համլէթ»ին հիման վրայ բեմադրուած համանուն ներկայացումով։ Դերասանները աշխարհահռչակ այդ ողբերգութիւնը մատուցեցին իւրայատուկ գոյներով, Սենեկային թատրոնին յարիր ոճով ու անոր գեղարուեստական ղեկավարին՝ Արա Երնջակեանի մեկնաբանութեամբ։ Թատերասէրները բուռն ծափողջոյններով ընկալեցին «Համլէթ»ի ժամանակակից, քիչ մըն ալ անսպասելի լուծումներով մատուցումը։

Առաջնախաղի առթիւ «Արմէնփրէս»ի հետ զրուցելու ժամանակ Արա Երնջակեան յայտնեց, որ «Համլէթ»ը մօտաւորապէս 400 տարի առաջ ստեղծագործուած է եւ եթէ Շէյքսփիր այսօր զայն բեմադրէր, ապա հաստատ շատ բաներ կը տեսնէր այլ ձեւով։

Հարկ է նշել, որ Արա Երնջակեանի կողմէ Համլէթի դերը վստահուած է երիտասարդ դերասան Աւետ Զօհրապեանին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021