ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԵԾ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ
Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը երէկ հոգեւոր մեծ ցնծութեան առիթ հանդիսացաւ թրքահայ հաւատացեալներուն մօտ, որոնք լիուլի ապրեցան տարուան առաջին տաղաւարին առթած զգացումները։ Մեր բոլոր թաղերուն մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ, որոնց լայն մասնակցութիւն բերաւ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Պոլսոյ մէջ այս տարի եւս Ս. Ծնունդը նշուեցաւ աւանդական շուքով։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Հայահոծ թաղերու եկեղեցիներուն առընթեր, բնակչութենէ նօսրացած շրջաններու եկեղեցիներուն ալ առաւել չափով բաժին վիճակեցաւ տօնական հոգեւոր ցնծութենէն։
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ դռները լայն բացած էր հաւատացեալներուն առջեւ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատարագեց՝ առընթերակայութեամբ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Ռոյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշ, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, այլ դպիրներ, ինչպէս նաեւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կա-տարուեցան Գողթան Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Գըլըճեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը Ս. Պատարագի ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը, նաեւ ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց Մայր եկեղեցւոյ լուսարար Գրիգոր Էրքան Կարապետեանին։ Հոծ թիւով հաւատացեալներ ստացան Ս. Հաղորդութիւն, մինչ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հանդիսաւոր ջրօրհնէք՝ ի խորհրդանշումն Տէր Յիսուսի մկրտութեան։
Ս. Պատարագէն վերջ Նորին Սրբազնութիւնը հանդիսաւոր թափօրով առաջնոր-դըւեցաւ յարակից Պէզճեան սրահը, ուր տեղի ունեցաւ տնօրհնէք։
Նորին Սրբազնութիւնը եւ հոգեւորականաց դասը Մայր եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ աւելի վերջ համախմբուեցան թաղային խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած տօնական սեղանին շուրջ, մինչ զանազան թաղերէն հոգեւորականներ եւ ազգայիններ ալ հետզհետէ կը փութային Մայր եկեղեցի։
Յետմիջօրէին, Գումգաբուի մէջ սարքուեցաւ տաղաւարի աւանդական ընդունելութիւնը։ Պէզճեան սրահին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց հոգեւորականաց դասուն եւ համայնքային շրջանակներուն շնորհաւորութիւնները։ Պատրիարքական Աթոռին կարգադրութեամբ այս տարի բացառապէս մեր համայնքին անդամները մէկտեղուեցան տաղաւարի օրով՝ Ընդհանուր Փոխանորդին ձեռամբ որպէս նուէր ստանալով աւանդական նուռեր։ Միջեկեղեցական եւ քաղաքական շրջանակներէ հիւրերը յառաջիկայ օրերուն առանձնապէս պիտի ընդունուին Պատրիարքարանի մէջ։ Երէկուան ընդունելութեան ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողքին էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, բազմաթիւ վեղարաւոր հայրեր եւ քահանայից դասէն անդամներ։ Ընդունելութեան մասնակցեցան նաեւ երեսփոխաններ՝ Մարգար Էսաեան եւ Սելինա Տողան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ ելոյթով մը ողջունեց ներկաները եւ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ բոլորին փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւններն ու շնորհաւորութիւնները։ Յանուն Մխիթարեան միաբանութեան արտայայտուեցաւ նաեւ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։ Ընդունելութեան աւարտին միասնաբար երգուեցաւ «Խորհուրդ մեծ» շարականը եւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր։
Միւս կողմէ, երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին արծածուեցան շարք մը համայնքային օրակարգին տեսակէտէ հրատապ խնդիրներ, որոնց մասին մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդենք մեր վաղուան թիւով։
Այսօր ամփոփ ձեւով միայն կը տեղեկացնենք, որ արծարծուած հիմնական հարցերը կը վերաբերէին մեր հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու եւ պատրիարքական ընտրութեան։ Բացի այս երկու ընտրական հարցերէն, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խօսեցաւ մեր հոգեւոր հայրերու ամսականներու դրութեան շուրջ եւ խստիւ բողոքեց Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեանի դէմ, որ նախաձեռնութիւնով մը հանդէս եկած է, որպէսզի պետութեան կողմէ վճարուին մեր հոգեւոր հայրերուն ամսաթոշակները։ Ընդհանուր Փոխանորդը պատասխանեց նաեւ հարցումի մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատին շուրջ, Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի, մայր տաճարի եւ յարակից համալիրի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձման պահանջով։