ՅՈՒՍԱՌԱՏ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ

Երէկ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ ցնծութեան մթնոլորտի մէջ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Տարուան առաջին տաղաւարին համայն հայութիւնը զիրար ողջունեց տօնական աւետիսով։ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի աշխարհի չորս ծագերուն հայերու ուշադրութիւնը հերթական անգամ կեդրոնացած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական պատգամին վրայ։ Այս տարուան տաղաւարի հայրապետական Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, որովհետեւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարը կը գտնուի վերանորոգութեան մէջ։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ պատարագեց հաւատացեալներու ծովածաւալ բազմութեան մը մասնակցութեամբ։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի պետական աւագանիի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ կողակցին՝ Աննա Յակոբեանի։

Տաղաւարի հայրապետական Ս. Պատարագի առթիւ զանգակներու զուարթ ղօղանջին ներքեւ Վեհափառ Հայրապետը առաջնորդուեցաւ եկեղեցի։ Հայրապետական ծանրաշուք թափօրը սրբազան երգեցողութեան ուղեկցութեամբ Նորին Սրբութիւնը առաջնորդեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի Աւագ խորանը։ Նորին Սրբութիւնը, հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ, հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան մէջէն անցաւ առատօրէն բաշխելով իր օրհնութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

Մեծահանդէս Ս. Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր պատգամը, զոր նոյնութեամբ ներկայացուած է յարակից սիւնակին մէջ։

Ս. Պատարագին յաջորդեց հանդիսաւոր Ջրօրհնէքը՝ ի նշանաւորումն Տէր Յիսուսի մկրտութեան։ Այս տարի Ջրօրհնէքի արարողութեան խաչի կնքահայրն էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար Վազգէն Եագուպեան։

Արարողութեան աւարտին վերստին կազմուեցաւ ծանրաշուք թափօր մը, որով Վեհափառ Հայրապետը առաջնորդուեցաւ տաճարէն դուրս։ Այս փուլին ան դարձեալ անցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ընդմէջէն՝ մասնաւորապէս օրհնելով մանուկները։ Եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալները թէ՛ թափօրին մօտենալով ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը եւ թէ Աւագ խորանին մօտենալով ստացան Ջրօրհնէքի հսկայ կաթսաներէն իրենց վիճակած բաժինը։

Հարկ է նշել, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը 2019 թուականը հռչակած է Ընտանիքի տարի եւ Ս. Ծննդեան տաղաւարի երէկուան Ս. Պատարագը եկաւ ձեւով մը ազդարարել նաեւ այս շրջանի սկիզբը։

Երկուշաբթի, Յունուար 7, 2019