ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Իսթանպուլի կուսակալութենէն Պատրիարքարան հասած պաշտօնական գրութեան արձագանգները այս օրերուն կը բնորոշեն համայնքային կեանքը։ Երէկ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու օրուան տեւողութեան խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ։ Բաց աստի, համայնքային շրջանակներէն ներս գրեթէ բոլոր հարթութիւններուն վրայ հանդիպումները, խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին։

Այս մթնոլորտին մէջ, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ուշ երեկոյեան դիմատետրի իր էջին վրայ հանդէս եկաւ հակիրճ յայտարարութիւնով մը։ Ան նշեց, որ կուսակալութեան կողմէ 5 Փետրուար 2018 թուականին Պատրիարքարան ուղարկուած պաշտօնական գրութիւնը կը բովանդակէ Ներքին գործոց նախարարութեան պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ պատասխանը։ Նորին սրբազնութիւնը տեղեկացուցած է, որ այս գրութիւնը Կրօնական ժողովին, Եկեղեցական համագումարին եւ համայնքային հաստատութիւններու ատենապետներու նիստերուն ընթացքին փութով պիտի արժեւորուի։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան մեր ժողովուրդը հրաւիրած է համբերել տրամաբանական ժամկէտով մը եւ պաղարիւնութեամբ սպասել այս գործընթացներու աւարտին հասնիլը։ Ան կոչ ուղղած է, որպէսզի բոլորը յարգանքով վերաբերուին մեր եկեղեցական եւ աշխարհական կառոյցներու կողմէ առնուելիք որոշումներուն նկատմամբ։

Միւս կողմէ, ինչպէս հաղորդած էինք, այսօր կէսօրուան ժամերուն մեր համայնքէն խումբ մը ազգայիններ հանդիպում մը ունեցան Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ։ Այս կարեւոր հաւաքոյթին ներկայ էին՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, յայտնի բարերար Արէտ Երկանեան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, յայտնի համայնքային գործիչ Մելքոն Քարաքէօսէ, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, մեր ծանօթ ազգայիններէն Ճեզօ Թաշ, բարերար Հայկ Ասլանեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեւցոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը, Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլու, Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իրմա Փոլատ, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան, ինչպէս նաեւ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներէն Սեպուհ Ասլանկիլ։

Սկիզբին Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ նախատեսուած էր այս հանդիպումը, սակայն աւելի վերջ կատարուեցաւ վայրի փոփոխութիւն։ Նախարարին հետ մեր համայնքի աշխարհական ներկայացուցիչներու հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Չըրաղան» պանդոկին մէջ։ Սիւլէյման Սոյլու կէսօրուան ճաշասեղանի մը շուրջ հաւաքուեցաւ համայնքային ներկայացուցիչներուն հետ։ Ներկայ էին նաեւ  Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատերներ։

Այս տեսակցութիւնը կը շարունակուէր, երբ թերթս յանձնեցինք մամուլին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2018