ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԲՈՒՌՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի վերջին նախաձեռնութեան, որով 24 ապրիլը կը հռչակուի «Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր»։ NTV-ի հաղորդումներով, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն այս առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով խստիւ պախարակեց Մաքրոնի յայտարարութիւնը։ «Իբր թէ հայոց ցեղասպանութեան պնդումները իրաւական հիմքէ զուրկ, պատմական իրողութիւններու ներհակ, քաղաքական սուտեր են։ Թուրքիոյ տեսակէտէ որեւէ վաւերականութիւն չունի», ըսաւ Քալըն եւ յիշեցուց, որ նախագահ Էրտողան 2005 թուականին առաջարկած էր պատմաբաններու յանձնաժողովի մը ստեղծուիլը։ Այդ կոչէն խոյս տուածները կը ջանան աղաւաղել պատմական դէպքերը։

Իպրահիմ Քալըն նշեց, որ ոեւէ մէկը չի կրնար Թուրքիան մեղադրել կամ անոր պատմութիւնը մրոտել յանցագործութեան մը համար, որ չէ կատարուած։ «Երբեք տեղի պիտի չտանք անոնց, որոնք կը փորձեն մեր պատմութիւնը աղաւաղել եւ անկէ թշնամութիւն, քինախնդրութիւն դուրս բերել», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն եւ յիշեցուց, որ Մաքրոն իր երկրէն ներս կը դիմագրաւէ քաղաքական խնդիրներ եւ օրը փրկելու մտադրութիւնով պատմական դէպքերը քաղաքականութեան նիւթ կը դարձնէ։ Թուրքիա այս բոլորը կը մերժէ ու կը պախարակէ։

«Ցաւերը մրցակցութեան մէջ դնելն ու քաղաքականութեան նիւթ դարձնելը քաղաքական ու բարոյագիտական արարք մըն է», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն եւ աւելցուց, որ Թուրքիա կողմնակից է Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ պատահած դէպքերը լուսաբանել հասարակաց ցաւի եւ արդար յիշողութեան մօտեցումով եւ այս ուղղութեամբ պիտի շարունակէ գործադրել ամէն տեսակ բարեացակամ ջանք։

Հինգշաբթի, Փետրուար 7, 2019