ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ներս, «Տէրեան» հայագիտական գրադարանի երդիքին տակ վերջերս տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որու ընթացքին ներկայացուեցաւ պատմական նշանակութեամբ գործ մը։ Այսպէս, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչական բաժինը վերջերս լոյս ընծայած է Օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխաններէն Յակոբ Պապիկեանի Ատանայի կոտորածին նուիրուած տեղեկագրի անգլերէն թարգմանութիւնը։ Այս գործը անգլերէնի թարգմանուած է Տքթ. Ա. Կիւրեղեանի կողմէ, որ գրի առած է յառաջաբանը, ծանօթագրութիւնները, նաեւ պատրաստած յաւելուածներն ու ցանկերը։

Շնորհանդէսի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան, որ ըսաւ. «Պատմութիւնը ունի իր բացթողումները, վրիպած կամ պակաս էջերը»։ Ան այդ շարքին մէջ դասեց Յակոբ Պապիկեանի այս տեղեկագիրը, որ ցայսօր պատմութեան շուքին տակ մնացած էր։ Վերապատուելին ընդգծեց, որ սոյն տեղեկագիրը առաջին անգամ անգլերէնի թարգմանուած է ամբողջութեամբ։

Աւելի վերջ արտայայտուեցաւ Տքթ. Ա. Կիւրեղեան, որ յիշեցուց, թէ Յակոբ Պապիկեան իր տան մէջ մահացած գտնուած էր այն օրուան առաւօտուն, երբ յիշեալ տեղեկագիրը պիտի ներկայացնէր Օսմանեան խորհրդարանէն ներս։

Շնորհանդէսի ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց գիրքը։

Ձեռնարկի աւարտին Տքթ. Կիւրեղեան գիրքեր մակագրեց ներկաներուն համար։

Հինգշաբթի, Փետրուար 7, 2019