ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՒ ՅԻՇԱՐԺԱՆ

Հէյպէլի կղզիի յունաց վանքէն ներս երէկ պատմական եւ յիշարժան օր մը ապրուեցաւ։ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը Հէյպէլիի Այա Թրիատա վանքին մէջ հիւրընկալեց Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Այսպէսով, Յունաստանի վարչապետ մը պատմութեան մէջ առաջին անգամ այցելեց Հէյպէլիի յունաց վանքը, որ տասնամեակներէ ի վեր փակ կը մնայ եւ որու վերաբացման խնդիրը միշտ այժմէական է։

Ալեքսիս Ցիփրասի այցելութիւնը զուգադիպեցաւ յունաց 9-րդ դարուն ապրած եւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասուած Փոտ Պատրիարքի յիշատակութեան օրուան։ Այս առթիւ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը նախագահեց Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութիւններուն։ Հարկ է նշել, որ 9-րդ դարուն ապրած Փոտ Պատրիարքը ունեցած է հայկական արմատներ։

Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս Հէյպէլիի վանքի գեղատեսիլ համալիրէն ներս շրջայց մը կատարեց Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի ուղեկցութեամբ։ Ան տեսաւ դպրոցը՝ մասնաւորապէս գրադարանը, այցելելով նաեւ մատուռը։

Ի յիշատակ այս այցելութեան Ալեքսիս Ցիփրաս վանքէն ներս կատարեց նաեւ ծառատունկ մը։

Հէյպէլի կղզիի յունաց վանքի երէկուան արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բամբերը՝ Իպրահիմ Քալըն։

Օրուան ծրագրին զուգահեռ պաշտօնական ճաշկերոյթ մըն ալ կազմակերպուեցաւ վանքի սեղանատան մէջ՝ տանտիրութեամբ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի։

Հինգշաբթի, Փետրուար 7, 2019