ԺԱՆ ՏԵՎԼԵԹՕՂԼՈՒԻ ԳԻՐՔԸ

Բազ­մա­վաս­տակ լրագ­րող Ժան Տեվ­լե­թօղ­լու, ո­րու կեն­սագ­րու­թեան մաս կը կազ­մէ նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը, հրա­տա­րա­կեց յու­շագ­րա­կան հա­տոր մը՝ «İyi Kötü Ermeni» խո­րագ­րով։ Ան յե­տա­դարձ հա­յեացք մը կը նե­տէ իր ան­ցեա­լին ու կը պատ­մէ ման­կու­թե­նէն մին­չեւ այ­սօր ինք­նու­թեան փնտռտու­քը՝ Թուր­քիոյ եւ Անգ­լիոյ մէջ։

Ժան Տեվ­լե­թօղ­լու կը նշէ, թէ կեան­քին ըն­թաց­քին միշտ փոր­ձած է ա­պա­ցու­ցել, որ կը պատ­կա­նի մե­ծա­մաս­նու­թեան, սա­կայն ապ­րած է տխուր եւ տա­րօ­րի­նակ դէպ­քեր, հան­դի­րած դժուա­րու­թիւն­նե­րու, խտրա­կան վե­րա­բեր­մուն­քի եւ այս բո­լո­րը ա­հա ող­բեր­գա-եր­գի­ծա­կան ո­ճով մը կը փո­խան­ցէ ըն­թեր­ցող­նե­րուն։

Գիր­քին մէկ հա­տուա­ծը կը վե­րա­բե­րի 1915-ի Մեծ Ե­ղեռ­նին։ Ան հա­տո­րին մէջ տե­ղադ­րած է իր հօր տա­րագ­րու­թեան օ­րագ­րու­թիւ­նը, զոր յայտ­նա­բե­րած է վեր­ջի­նիս մա­հէն ետք։

Գիր­քը հրա­տա­րա­կած է «Տո­ղան» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Մարտ 7, 2015