ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
Հայաստանի Սփիւքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագրեալ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը։ Ձեռնարկի այցելուներու շարքին էր Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
Երեւանի Պետական համալսարանի Գրականութեան ֆաքիւլթէի շէնքի մուտքասրահին մէջ բացուած էին տաղաւարները, որոնց այցելուները գնեցին իրենց տրամադրութեան տակ դրուած զանազան իրեր եւ ուտեստեղէններ։
Այդ բոլորը պատրաստուած էին Սուրիոյ ներքին պատերազմէն խոյս տալով Հայաստանի մէջ ապաստան գտած հայ ընտանիքներու անդամներուն կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ կը գործեն զանազան հասարակական կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ, որոնք հետամուտ եղած են սուրիահայ ընտանիքներու առկայ խնդիրներու յաղթահարման։