ՓԱԹՐՈՒՇԵՒԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Ռու­սաս­տա­նի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Փաթ­րու­շեւ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան տե­սակ­ցե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, զրու­ցա­կից­նե­րը եր­կուս­տեք գո­հու­նա­կու­թեամբ ար­ձա­նագ­րե­ցին, որ հայ եւ ռուս ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ա­մուր բա­րե­կա­մու­թեան վրայ հիմ­նուած միջ­պե­տա­կան ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նակ­ցա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը զար­գա­նան աշ­խոյժ։ Ա­մէն տա­րի կ՚ընդ­լայ­նուի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան օ­րա­կար­գը եւ բարձր մա­կար­դա­կի վրայ փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը զգա­լիօ­րէն կը նպաս­տեն այս ե­րե­ւոյ­թին։ Ինչ­պէս երկ­կող­մա­նի, այն­պէս ալ բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փե­րով հայ-ռու­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ զրու­ցա­կից­նե­րը մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րե­ցին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը անվ­տան­գու­թեան ո­լոր­տէն ներս։

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան բարձր գնա­հա­տեց Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղա­րու­թեան եւ Ռու­սաս­տա­նի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի աշ­խա­տա­կազ­մին մի­ջեւ հաս­տա­տուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կը։ Ան յոյս յայտ­նեց, որ Նի­քո­լայ Փաթ­րու­շե­ւի այ­ցը նոր խթան մը պի­տի տայ թէ՛ այդ եր­կու կա­ռոյց­նե­րու եւ թէ ընդ­հա­նուր առ­մամբ անվ­տան­գու­թեան բնա­գա­ւա­ռի միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման ու խո­րաց­ման։

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ յա­րա­փո­փոխ աշ­խար­հի մէջ մի­ջազ­գա­յին ար­դի խնդիր­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ վի­ճա­կին, ինչ­պէս նաեւ փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ այլ հար­ցե­րու։

Միւս կող­մէ, վեր­ջին օ­րե­րուն Ե­րե­ւան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Պե­տա­կան տու­մա­յի նա­խա­գահ Վիա­չես­լաւ Ո­լո­տին, որ եւս ըն­դու­նուե­ցաւ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017